2017-10-31 09:52:00

Համանախագահներու հետ Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի հանդիպումները՝ նոյեմբերի կիսուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Նոյեմբերի կիսուն պիտի կայանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ ըստ «Թրենտ» գործակալութեան:

Նախարարին համաձայն՝ հանդիպման վայրը ցարդ որոշուած չէ, սակայն յայտնի է, որ «հանդիպումները պիտի կայանան իւրաքանչիւր նախարարի հետ անջատաբար»։

Աւելի կանուխ Մամետեարով յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները շուտով հանդիպում մը պիտի ունենան՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը քննարկելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ չէ հաստատած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպման մասին տեղեկութիւնները։ Այս մասին նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան ըսած է միայն. «Հանդիպման, դրա վայրի եւ ժամկէտների մասին վերջնական պայմանաւորուածութեան առկայութեան դէպքում՝ նախապէս կը տեղեկացնենք»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հոկտեմբեր 16ին հանդիպած էին Ժընեւի մէջ, ապա ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութիւն մը տարածած էին՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները որոշած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնել եւ քայլերու դիմել՝ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.