Անցեալ շաբաթավերջին Նիւ Եորքի Սենթ Փեթրիք տաճարին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ս. Շարպելի սրբապատկերը կրող պատին:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ մը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, կատարեց պատին օրհնութիւնը:
Այս առիթով, Ռայի պատրիարքը նախագահեց նաեւ տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Շարպելի կեանքին եւ սրբադասման` շեշտելով, որ Ս. Շարպել ամէնուրեք բարիք կը բաշխէ` աւելցնելով, որ ան իր բարիքներով առատաձեռն սուրբն է, որ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մխիթարութեան խորհրդանիշն է:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Ս. Շարպել չարչարուեցաւ, մահացաւ եւ ապա սրբացաւ` աւելցնելով, որ ցաւը, մահն ու յարութիւնը քրիստոնէութեան գաղտնիքներն են:
«Ս. Շարպել մարգարիտի մը պէս կը շողայ այս տաճարին ճակատին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |