2017-10-30 09:47:00

«Ս. Խաչը հզօրութիւն է հաւատքի ճամբան բռնողներուն համար» շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան


Կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը:

Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալի այն խօսքին վրայ, թէ` խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն է կորստեան ճամբան բռնողներուն համար, մինչ հաւատացեալներուն համար խաչը հզօրութիւն է: Այս բնաբանէն մեկնելով առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ վերանորոգենք մեր նախնիներուն հաւատքը խաչի խորհրդանիշին նկատմամբ: Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, որ այս մտածումները տարին քանի մը անգամ եւ մանաւանդ Գիւտ խաչի տօնին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որովհետեւ միշտ չէ դժբախտաբար, որ հասու կը դառնանք Քրիստոսի խաչի խորհուրդին:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս 4-րդ դարու սկզբնաւորութեան Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին գնաց Երուսաղէմ եւ նախաձեռնեց Քրիստոսի խաչը գտնելու աշխատանքին: Մեկնելով ներկայացուած պատմական իրողութենէն` առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով այսօր մենք եւս կոչուած ենք մեր կեանքին ընդմէջէն գտնելու խաչը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կարծես համաշխարհայնացումին պատճառով հետզհետէ աւելի կը հեռանանք ամէն տեսակի հոգեւոր արժէքներէն: Սակայն այսօր թէկուզ եւ ապրելով նոր արժէքներու համակարգի մը մէջ, պէտք է յիշենք, որ Ս. եկեղեցւոյ զաւակներն ենք եւ հզօր ենք խաչով, ու մեր նախնիներուն աւանդութիւններով:

Առաջնորդ սրբազան հայրը եզրափակեց իր քարոզը նկատել տալով, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով պարտինք զգալ, թէ այս սրբազան տաճարը խաչի ճամբով է, որ ամբողջ տասնամեակներ իր առաքելութիւնը տարաւ` լոյս եւ հաւատք տարածելով: Պէտք է միշտ յիշել, որ խաչը եւ խաչեալը մեզի հետ են` ցոյց տալով յաւիտենական կեանքի ճամբան: Բայց մանաւանդ պէտք է մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք Պօղոս առաքեալին խօսքը, թէ` խաչը զօրութիւն է մեզի` հաւատացեալներուս համար, զօրութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ մեր գիտակցութիւնը եւ հաւատքը:

Ս. պատարագէն ետք ներկայ հաւատացեալները առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ խաչի թափօրով ուղղուեցան Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները օժանդակեցին մատաղի բաշխման աշխատանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.