2017-10-29 10:21:00

Կիրակի 29 հոկտեմբեր 2017- 7.րդ կիրակի զկնի Խաչի։ Տօն Գիւտի Սրբոյ Խաչին։


Այսօր Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Խաչի Գիւտը։  Ըստ մեզի աւանդուած պատմութեան, խաչի գիւտը կատարուած է Հեղինէ Թագուհիի՝ Կոստանդիանոս Կայսեր մօր ջանքերով, 326 թուականին։ Հեղինէ Թագուհիի պնդումներուն վրայ, հրեայ մը ցոյց կու տայ խաչին պահուած տեղը։ Այնտեղ կը գտնեն երեք խաչեր, որոնք Յիսուսի եւ անոր հետ խաչուած երկու յանցագործրներուն խաչերն էին։ Որպէսզի կարենան Յիսուսի խաչը ճանչնալ՝ մահացած պատանի մը կը մօտեցնեն խաչերուն։ Երբ պատանին Յիսուսի խաչին կը բերուի, կրկին կեանքի կը դառնայ։ Ժամանակին Երուսաղէմի եպիսկոպոսը Կիւրեղ ապա Սուրբ Խաչափայտը կը բարձրացնէ՝ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար։

Այսօրուան ընթերցուածին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը խօսի խաչի խորհուրդին մասին։ Խաչի քարոզութիւնը գայթակղութիւն կը պատճառէր եւ յիմարութիւն կը նկատուէր. «եւ որովհետեւ, կ’ըսէ Պօղոս Առաքեալ, աշխարհ իր իմաստութեամբ զԱստուած չճանչցաւ՝ Աստուած որոշեց բոլոր հաւատացողները յիմարութեան քարոզութեամբ փրկել»։ Պօղոս Առաքեալի այս խօսքերը հակառակ են մարկային տրամաբանութեան։ Ի՞նչպէս կրնայ յիմարութեան քարոզութիւնը ըլլալ իմաստութիւն։

Հազուադէպ չէ, որ մենք քրիստոնեաներս ալ ուշադրութեամբ հետեւինք աշխարհի իմաստութեան։ Կը տարուինք գիտական եւ սուտ գիտական այսպէս կոչուած նուաճումներէ։ Կը հրապուրուինք հողորդակցութեան միջոցներու եւ մամուլի ընձեռած կրօնագիտական պրպտումներով՝ կատարուած մասնագէտի անուան տակ ներկայացող «սուտ մարգարէներու» կողմէ։ Սակայն չենք հետեւիր աղբիւրին, չենք հրապուրուիր ինքնին աղբիւրով՝ Աստուածաշունչով։ Դժուար կը թուի մեզի ընդունիլ Սուրբ Գրքի յայտնութիւնները, սակայն առանց կարդալու Սուրբ Գիրքը, առանց ըմբռնելու անոր վարդապետածը, առանց պրպտելու, առանց աղօթելու եւ լոյս հայցելու Աստուծմէ, առանց հարցնելու՝ կը դիմենք անհատներու կարծիքներուն, որոնք յայտնապէս հակառակ են կրօնքի, հակառակ եկեղեցւոյ, հակառակ Սուրբ Հոգիի շնորհքներուն։

Խաչի Գիւտի տօնը, մեզի առիթ ըլլայ, քննելու մեր խիղճը, թէ արդեօ՞ք մեր արարքները եւ մեր կեանքը առաջնորդուած են Աստուծոյ շնորհքով եւ Սուրբ Աւետարանի լոյսով, եւ կամ թէ սուտ մարգարէներու եւ անաստուածներու վարդապետած ունայնութիւներով։

Փնտռենք Յիսուս Իր խաչով։ Փնտռենք Յիսուսի ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Եթէ խաչի մասունքը արժանի է երկրպագութեան եւ հրաշքներ կը գործէ, որքա´ն աւելի Յիսուսի եւ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը մեր սրտերէն եւ հոգիներէն ներս, որքա´ն աւելի Յիսուսի կենդանի ներկայութիւնը Սուրբ Հաղորդութան մէջ, որ կեանքի, իմաստութեան եւ փրկութեան աղբիւրն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.