2017-10-28 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը՝ Իտալական աշխարհական նուիրեալ հաստատութիւններու համաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Provida Mater Ecclesiae» առաքելական սահմանադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ, «Ակոսթինիանում» հայրաբանական ինստիտուտի մէջ տեղի կ՛ունենայ  Իտալական նուիրեալ աշխարհական հաստատութիւններու համաժողովը որպէս բնաբան ունենալով «Աշխարհական հաստատութիւններ. Աստուծոյ ու Աշխարհին նուիրուած՝ սիրոյ ու մարգարէական պատմութիւններ»։

Վերոնշեալ ձեռնարկին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն մատնանշելով Պիոս ԺԲ «Provida Mater Ecclesiae» առաքելական սահմանադրութեան, որով կը նախանշուէր նուիրումի նոր ձեւ մը՝ այն է աշխարհական հաւատացեալներուն նուիրագործումը ու անոնց ծառայութիւնը հովուական խնամակալութեան ասպարէզէն ներս։

«Այդ սահմանադրութեան համաձայն դուք կանչուած էք այսօր եւս ըլլալու Քրիստոսի ու Անոր Հոգիին խոնարհ ու ոգեւորուած պատուիրակները» գրեց Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով  ապրիլ աշխարհին մէջ՝ ուշադրութեամբ, նայելով, ունկնդրելով ու մասնակցելով ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն ու յատկապէս հասկնալով կարիքները։

«Այս կը նշանակէ Աստուծոյ խօսքը տանիլ համայն աշխարհին, առանց իյնալու հանգստաւէտ կեանքի փնտռտուքի փորձառութեան մէջ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ թէեւ այդ ճանապարհը կը տանի Խաչին՝ Տէրը մեզի հետ է ու մեզի կ՛ուզէ ընկերանալ։ 

Ձեր կոչումը ուշադիր ըլլալ է ձեզ շրջապատող իրականութեան , միշտ հարց տալով թէ Ի՞նչ կը պատահի, ուշադիր Աստուծոյ մէջ մխրճուած սրտով մը, գրեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու ներկայացուց  ճանապարհորդութեան հայող  հոգեւոր մի քանի յորդորներ որոնք, նշեց ան, կարելի է եզրակացնել հինգ բայերու մէջ. Աղօթել, զատորոշել, բաժնեկցիլ, քաջալերել ու համակրանք արտայայտել։   

«Աղօթել՝ միացած ըլլալու համար Աստուծոյ հետ ու մօտիկ Անոր սրտին։ Մտիկ ընել Անոր ձայնը։ Զատորոշել էականը մակերեսային բաներէն, բաժնեկցիլ ամէն մարդու ու կնոջ ճակատագիրը, նոյնիսկ կեանքի ամէնէ խաւար իրադարձութիւններու ընթացքին, ապա Քրիստոսի շնորհքով քաջալերել ու երբեք յոյսը չի կորսնցնել վստահելով միշտ Անոր, հուսկ համակրանք արտայայտել աշխարհին ու մարդոց, համակրանք որ կը բխի Սուրբ Հոգիէն ու մեզ կը մղէ ապրելու աշխարհին մէջ որպէս աղ ու թթխմոր - յարեց Սրբազան Պապը ու պատգամը եզրափակեց մաղթելով որ անոնք աշխարհին համար ըլլան Յիսուսի Յարութեան վկաները  ապա անոնց վստահեցուց իր աղօթքներն ու առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.