2017-10-28 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունց մարդասիրական միջազգային իրաւունքներու համագումարի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած  «մարդկային Միջազգային իրաւունքի մասին՝ »  3-րդ համագումարի մասնակիցներուն, որուն նիւթն էր, «հակամարտութիւններու  ընթացքին քաղաքացիներու  պաշտպանութիւնը՝.  մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական  հասարակութեան դերը»։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը համագումարի նիւթը համարեց շատ կարեւոր , որովհետեւ ան կը զուգադիպի՝    զինուած հակամարտութիւններու զոհերու պաշտպանութեան ի խնդիր,  Ժնեւեան համաձայնութեան լրացուցիչ երկու պայմանադրութիւններու ընդունման 40-ամեակին։

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ համոզմունք յայտնելով,  որ պատերազմը էականօրէն բացասական բնոյթ ունի ու թէ մարդուն  ամենէն արժանավայել ձգտումը  պատերազմի վերացումն է  նշեց թէ Սուրբ Աթոռը,  վաւերացուցած է այդ պայմանագիրերը  ընդգծելով,  այս ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռի կեցուածքն ու յանձնառումն ու գնահատանքը այն դրոյթներու վերաբերեալ որոնք կը հային քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան ու անոր գոյատեւման անհրաժեշտ կարիքներուն։  Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց երկրորդ համաձայնագրին դերութիւններուն՝ հայող ոչ միջազգային զինեալ հակամարտութիւններու զոհերու պաշտպանութեան ապա

դիտել տուաւ  որ հակառակ  մարդկային իրաւունքներուն կանոնագրութեան  միջոցաւ  արձանագրուած յաջողութիւններուն՝ նուազեցնելու համար  քաղաքացիական բնակչութեան վրայ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները, յաճախ  պատերազմներու զանազան բեմերէն մեզի կը հասնին  վայրագ   ոճրագործութիւններու վկայութիւններ,  մարդու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան  նկատմամբ իսկական  անարգանքներ, հաստատելով թէ    «կեանքէ զուրկ  անձերու,  գլխատուած, խաչուած, տանջուած  եղբայրներու եւ  քոյրերուն պատկերները, կը հարցադրեն մարդկութեան խիղճը»։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա եկեղեցիներու ու  պաշտամունքի վայրերու, որոնք  թիրախ դարձան յարձակումներու, յաճախ ծիսական արարողութիւններուն ժամանակ, որոնք ընթացքին վայրագութիւններու զոհ եղան բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ քահանաներ, ու բռնաբարուեցաւ կրօնային  ազատութեան հիմնական իրաւունքը։

Ւ տես այս իրողութիւններուն Սրբազան Քահանայապետը մտավախութիւն յայտնեց թէ այդ տեսարանները կարող են  յագեցուածութիւն յառաջացնել մղելով խնդիրներու ծանրութեան նկատմամբ որոշ անզգամութեան ապա էական նկատեց սիրտի դարձը,  ու Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ բացուածք , որ անձերը կը մղէ  շրջանցելու անտարբերութիւնը եւ  ապրելու եղբայրսիրութիւնը, որպէս բարոյական առաքինութիւն եւ ընկերային կեցուածք, եւ որմէ  կարող է բխիլ տանջուած մարդկութեան ի նպաստ յանձնառում մը՝ ըսաւ  Ֆրանչիկսոս Պապ գնահատելով բոլոր այն անձերը, մարդասիրական խմբաւորումները, ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները՝ եկեղեցիէ ներս եւ դուրս, որոնց անդամները կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, յոգնութիւններ,  խնամելու համար վիրաւորները, հիւանդները, թաղելու համար մեռեալները, ուտելիք տանելու համար անօթիներուն, եւ ջուր տալու ծարաւիներուն։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա  մաղթեց որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները  մշտապէս գործեն մարդկայնութեան, անկողմնակալութեան,  չէզոքութեան ու անկախութեան հիմնական սկզբունքներու հիման վրայ ու այդ սկզբունքները դառնան մարդկային իրաւունքի սիրտը։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներուն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք»։  (Մատթ 25, 40)  Այս խօսքերը ուղղուած են ամէն անոնց որոնք իրենց կեանք վտանգի մատնեցին ազատելու համար ուրիշ կեանք մը կամ սփոփելու բնականոն ցաւերը ըսաւ Նորին Սրբութիւն ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին՝ խաղաղութեան Թագուհիին ու մինչ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն կը շնորհեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.