2017-10-28 10:13:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեանց նախաձեռնարկ Մարմինի երկու անդամներ կը հրաժարին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գարեգին արք. Պէքճեանը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուելէ ետք, պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման համար ստեղծուած նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետը եւ երկու անդամներ հրաժարած են իրենց պաշտօնէն:

Պոլսոյ կուսակալին ու փոխկուսակալին հետ այս շաբաթ կայացած հանդիպումէն ետք, պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան ժողով մը գումարեց՝ քննարկելու համար այդ հանդիպման ընթացքին կատարուած զրոյցը։ Ատենապետ Սարգիս Քիւլեկեչ նախաձեռնարկ մարմինի իր գործընկերներուն փոխանցեց կուսակալին թելադրանքներն ու յորդորները, ապա որոշում տրուեցաւ, որ յետագայի քայլերը առնուին Գերմանիա մեկնած Գարեգին արք. Պէքճեանի վերադարձէն ետք։ Կ՛ակնկալուի, որ ան Պոլիս վերադառնայ Հոկտեմբեր 30ին:

Սակայն, այս ժողովէն քանի մը ժամ ետք, ատենապետ Սարգիս Քիւլեկեչ ու նախաձեռնարկ մարմինի երկու անդամներ՝ Խաչիկ Ճանել ու Անդրանիկ Քէօսէտաղ, յայտարարեցին, թէ որոշած են հրաժարիլ։

Քիւլեկեչ ըսաւ, որ նախաձեռնարկ մարմինին գործունէութիւնը այլեւս անելի մատնուած է ու քայլ մ՛իսկ յառաջ չ՛երթար, ուստի՝ բացի հրաժարականէն այլընտրանք չունէին։ «Խաչիկ Ճանել ու Անդրանիկ Քէօսէտաղ արդէն երկու շաբաթ առաջ ուզած էին հրաժարիլ, բայց իմ խնդրանքով՝ յետաձգեցին իրենց որոշումը։ Հիմա ինծի հետ միասին անո՛նք ալ հրաժարեցան», ըսաւ Քիւլեկեչ՝ աւելցնելով, որ նոր քայլեր պէտք է առնուին, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան անելը վերանայ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.