2017-10-27 09:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին «Instagram»ի կայքը ունի աւելի քան 5 միլիոն հետեւորդ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին @Franciscus «Instagram»ի կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց 5 միլիոնը։ Կայքը սկսած էր գործել 19 մարտ 2016-ին, Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ընթացքին հետեւեալ պատգամով «Նոր ուղեւորութիւն մը կը սկսիմ ձեր հետ, քալելու համար Աստուծոյ քնքշութեան եւ ողորմութեան ճանապարհին վրայ»։

Հետեւորդներու 65 առ հարիւրը կիներ են, 35 առ հարիւրը այր մարդիկ, մինչ հետեւողներու տարիքը 18 էն 34 է։ Հետեւորդներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի Պրազիլի, Միացեալ Նահանգներու, Քոլոմպիայի, Իտալիոյ եւ Մեքսիքոյի մէջ։

Քահանայապետի՝ ըլլայ թուիթըրեան ըլլայ ինսդակրամի կայքի մատակարարումը յանձնուած է Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան, Պետական Քարտուղարութեան համագործակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.