2017-10-27 11:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Scholas Occurrentes հիմնարկի Հռոմի նոր բաժանմունքը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերի՝ երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Scholas Occurrentes հիմնարկի Հռոմի բաժանմունքը, որուն բացումը կատարուած էր անցեալ յունիս ամսոյն ընթացին։

Scholas Occurrentes հիմնարկը քահանայապետական իրաւունք վայելող հիմնարկ մըն է , որ   ծնունդ առած  է 2013-ին՝  Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով, ներշնչուելով Պուէնըս Այրէսի մէջ արդեն գործող, երբեմնի Արքեպիսկոպոս Պերկոլիոյի հիմնած նմանատիպ կազմարկերղութեան գործունէութենէն։ Հիմնարկին նպատակն է զարգացնել հանդիդպումի մշակոյթը, երկխօսութիւնը եւ բազմազանութեան հանդէպ յարգանքը։

 

Նորին Սրբութեան վերոնշեալ հիմնարկի տուած այցելութիւնը, առիթ հանդիսացաւ նաեւ  կապ հաստատելու , Մեքսիքոյի , Փարակուայի, Արժենթինայի, Փորթորիկոյի եւ Թեքսասի մէջ  դժուարութիւններու մէջ գտնուող աշակերտներուն հետ,  որուն ընթացքին  Ան ուշադրութեամբ   ունկնդրած է աշակերտներուն պատմութիւնները,  ինչպէս նաեւ հիմնարկի կողմէ  իրականացուած, աշակերտներուն ի նպաստ վկայութիւններուն մասին։  

Ֆրանչիսկոս Պապ  յատուկ ուշադրութիւն եւ մօտիկութիւն ցուցաբերած է Փորթորիկոյի երիտասարդներուն, որոնք ծանր  կորուստներ կրած են, անցեալ  սեպտեմբերին պատահած մրրիկի հետեւանքներէն։ 

Նորին Սբրութեան  Քահանայապետական հիմնարկի Հռոմի բաժանմունքի տուած  այցելութեան ընթացքին,  արծարծուած են   գաղթականներու եւ հիւրընկալութեան հայող նիւթեր, որոնք ըստ Սրբազան Քահանայապետին կարեւոր են՝  ըլլայ հին ըլլայ նոր ցամաքամասերուն  համար  եւ որոնք  փոխադարձ  հարստութեան աղբիւր կը համարուին ։ 

Նշենք նաեւ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ, Հարաւային Ամերիկայի վերոնշեալ մի քանի եկրիրներուն  մէջ բացումը կատարած է  Scholas Occurrentes –ի քահանայապետական հիմնարկին նոր բաժանմունքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.