2017-10-27 09:22:00

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին Մսուրի եւ Տօնածառի բացման արարողութիւնը 7 դեկտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ դեկտեմբերի 7ին, ժամը 16։30ին պիտի կատարուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի Մսուրի բացումը եւ Տօնածառի լուսաւորումը։

Այս տարուան մսուրը նուէրն է Իտալիոյ Քամփանիայի շրջանի Մոնթեվերճինէ տեղական Աբբայարանի։ Մսուրի արուեստը իրականացուած է ԺԸ. դարու ոճով, նափոլիթանական աւանդութեան համաձայն, եւ կը տարածուի 80 քառակուսի մետրի վրայ, եօթ մետր բարձրութեամբ եւ մօտ երկու մետր բարձրութիւն ունեցող 20 արձաններով, որոնք ներշնչուած են ողորմութեան գործերէն։ Իսկ 28 մետրանոց եղեւինը նուէրն է Լեհաստանի Էլք արքեպիսկոպոսական թեմին, եւ որուն շրջագիծը 10 մետր է։ Անոր 2000 քիլոմետրանոց փոխադրութիւնը պիտի անցնի կենդրոնական Եւրոպայէն։ Ծառի զարդարումը պիտի կատարուի արուեստագէտներու եւ իտալական հիւանդանոցներու ուռուցկային բաժանմունքներու մէջ խնամուող մանուկներու ներկայացուցիչներու կողմէ։ Այդ մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին մասնակցած էին խեցեգործական-բուժման ծրագրի մը։ Այս տարի անոնց պիտի ընկերանան կենդրոնական Իտալիոյ, Սփոլեթօ-Նորչա արքեպիսկոպոսական թեմի պատկանող երկրաշարժի շրջանէն եկող տարեկից մանուկներ։ Դեկտեմբերի 7ի առաւօտեան լեհական պատուիրակութեան պիտի միանայ Իտալիոյ Քամփանիայի շրջանէն ժամանած պատուիրակութիւնը, եւ միասնաբար փոքրիկ արուեստագէտներուն հետ ունկնդրութիւն պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապի մօտ, պաշտօնապէս ներկայացնելու իրենց նուէրները։ Կէսօրէն ետք, ինչպէս սովորութիւն է, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Մսուրի բացման եւ Տօնածառի լուսաւորութեան կարճ արարողութիւն մը պիտի կատարուի։ Մսուրը եւ Տօնածառը պիտի մնան հրապարակին վրայ մինչեւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնը՝ կիրակի, 2018ի յունուար 7ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.