2017-10-26 15:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը՝ անջրպետային կայանի անձնակազմի հետ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 16 հոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէի 3-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կապ հաստատեց անջրպետային միջազգային կայանի անձնակազմին հետ, զրոյց մը ունենալով անձնակազմի մաս կազմող Եւրոպայի Անջրպետային գործակալութեան իտալացի ճարտարագէտ՝ Տիար Փաոլօ Նեսփոլիի հետ։

Սրբազան Քահանայապետը զրոյցին սկիզբ տուաւ ողջունելով Նեսփոլին ու միւս աստղանաւորդները ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց որոնք իրեն առիթ ընծայեցին այս կապը հաստատելու ու աստղանաւորդներուն հետ հանդիպելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հարցումներ ուղղեց աստղանաւորդներուն հարց տալով թէ իրենց փորձառութեան հիման վրայ ո՞րն է անջրպետի մէջ մարդուն վերապահուած  տեղը. Ի՞նչ իմաստ ունի անոնց համար՝ սէր կոչել տիեզերքը շարժող մղիչ ուժը. Ի՞նչն է որ զանոնք մղեց դառնալու աստղանաւորդներ եւ ի՞նչն է որ անոնց աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ անջրպետի մէջ իրենց անցուցած ժամանակի ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղեց այլ հարցումներ հայող  անջրպետի մէջ անոնց ապրած փորձառութեան, համագործակցութեան իմաստին ու անոնց յանձնառու աշխատանքի մասին եւ ունկնդրելէ ետք աստղանաւորդներու պատասխանները զրոյցը եզրափակեց ըսելով. «Սիրելի բարեկամներ, կ՛ուզէի նաեւ ըսել՝ սիրելի եղբայրներ, որովհետեւ ձեզ կը նկատենք որպէս այս՝  անջրպետային միջազգային կայանի հետազօտութեան մեծ ծրագրի համայն մարդկային ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Սրտանց շնորհակալ եմ այս զրոյցին համար որ զիս հարստացուց. Տէրը օրհնէ ձեզ, ձեր աշխատանքն ու ձեր ընտանիքները. Ձեզի համար պիտի աղօթեմ եւ դուք եթէ կը բարեհաճիք աղօթեցէք ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.