2017-10-26 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը իտալիոյ ընկերային 48-րդ շաբաթուան առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Ւտալիոյ Սարտէնյա կղզիին մէջ ընթացք առաւ Ւտալիոյ կաթողիկէներուն ընկերային 48-րդ հանդիպումը։ Այս առթիւ  Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց հաւաքին մասնակիցներուն, որուն մէջ անդրադարձաւ, 1907 թուականին, Ւտալիոյ  մէջ ընկերային շաբաթներ ծրագիր յղացող ՝ Երանելի Ճուզեփփէ Թոնիոլոյի, հաստատելով թէ անոր աշխարհականի  վկայութիւնը, ապրում մըն է որ կ՛ընդգրկէ կեանքի բոլոր ծաւալները՝ հոգեւոր, ընտանեկան, ընկերային եւ քաղաքական ապա ժողովականներուն առաջարկեց իրենց աշխատանքներու որպէս ներշնչումի աղբիւր՝ երանելիին ուսուցումը. այն է,  թէ «մենք հաւատացեալներս, մեր սրտի խորքին մէջ կը զգանք թէ ընկերութեան պաշտպան կանգնողը, դիւանագէտ մը չէ, ոչ ալ մարտիրոս մը, այլ սուրբ մը՝ սուրբերու ընկերութիւն մը», ապա քաջալերեց, որ երանելիին պատգամը իրենց յիշողութեան մէջ վառ պահեն, դիտել տալով որ սրբութեան կը հասնինք՝ աշխատելով ուրիշներուն համար։    

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  մատնանշեց աշխատանքին ու յատկապէս Սուրբ Գիրքին մէջ այն անձնաւորութիւններուն,  որոնք բնորոշուած են   իրենց  աշխատանքով ըլլան անոնք, մշակներ, մատակարարներ, հովիւներ, ձկնորսներ եւ  ատաղձագործներ՝ ինչպէս  Սուրբ Յովսէփը, դիտել տուաւ , որ Աստուծոյ Խօսքէն ի յայտ կու գայ «աշխատանքի» աշխարհ մը,  ընդգծելով թէ նոյնինքն Աստուծոյ Բանը՝ չմարմնացաւ կայսրի մը կամ թագաւորի մէջ, այլ ինքզինք մերկացուց ,ընդունելով ծառայի իրավիճակ ՝ կիսելու համար մեր մարդկային իրավիճակը, ներառեալ  զոհողութիւնները՝ որ աշխատանքը կը պահանջէ, մինչեւ այն աստիճան. որ Ան ճանչցուած էր որպէս ատաղձագործ կամ ատաղձագործի զաւակ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա ընկերային շաբաթուան նիւթին.«Մեր պահանջած աշխատանքը. ստեղծագործական, մասնակից եւ զօրակից», խնդակցութիւնը յայտնելով այս  ընտրանքին համար, շեշտելով որ «առանց աշխատանքի չկայ արժանապատուութիւն» ու ընդգծելով, որ ոչ բոլոր աշխատանքները արժանավայել  գործեր են ու թէ կան աշխատանքներ, որոնք կը նուաստացնեն մարդկային արժանապատուութիւնը, ինչպէս է պարագան այն աշխատանքներուն, որոնք պատերազմներ կը յառաջացնեն զէնքերու կառուցումով, մարմանավաճարութիւն, եւ կամ անչափահսներուն շահագործումը, սեւ կամ անօրէն աշխատանքը… այս բոլորը որակելով անբարոյ,  որ կը սպանէ  մարդու արժանապատուութիւնը, կը սպանէ  առողջութիւնը,  ընտանիքը եւ ի վերջոյ ընկերութիւնը։  Ան,  բարի աշխատանք ստեղծելու պայման համարեց աշխատանքի արժանապատուութիւնը, որ պէտք է պաշտպանուի եւ զարգանայ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով  Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի աշխատանքի հայող «Rerum novarum» շրջաբերականին ապա մտաբերեց գործէ զուրկ անձերը,  որոնք աշխատանք կը փնտռեն ու չեն գտներ,  ու յորդորեց չի կորսնցնել յոյսը , վստահեցնելով թէ եկեղեցին կ՝աշխատի  մարդու ծառայութեան ի նպաստ ՝  տնտեսութեան մը համար,  որ կը նուազեցնէ անհաւասարութիւնները եւ որպէս նպատակէտ ունի՝ բոլորին համար աշխատանք։

 

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա համաշխարհային տնտեսական տագնապին ու անորմէ յառաջացած աշխատանքի տագնապին հաստատելով, թէ տնտեսական համակարգի նպատակն է, սպառումը առանց մտահոգուելու աշխատանքի արժանապատուութեամբ ու բնապահպանութեամբ, այս մէկը որակելով «վտանգաւոր»։  Ան ապա մատնանշեց յոյսի նշաններու մասին,  որոնք ի յայտ կու գան ընկերային 48-րդ շաբաթուան ժողովի ընթացքին  եւ որոնք մեզի կը սորվեցնեն երկու առաքինութիւններ – ըսաւ Ան. ծառայել կարիքաւորներուն,  եւ կազմաւորել հասարակութիւնները, ուր  հաղորդութիւնը գերիշխէ  մրցակցութեան վրայ, ապա շեշտեց յարաբերութիւններու ու հանդիպումներու գեղեցկութիւնը որոնցմէ կը բխի հաւատարմութիւնը, բարեկամութիւնն ու սէրը։

Ոչ մէկ բան թող գերադասէ մարդուն բարիքը ու մեր հասարակաց տան պաշտպանութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ Աւետարանին մէջ Տէրը մեզի կը սորվեցնէ արդարութեամբ հատուցել աշխատաւորները,  Ան ապա պատգամը աւարտեց մաղթելով ընկերային շաբաթուան ծրագրի մասնակիցներուն՝ դառնալ  իտալիոյ ընկերութեան  «թթխմորը»  , ինչպէս նաեւ ապրին սիւնհոդասական փորձառութիւն։ Քահանայապետը ի վերջոյ մաղթեց իտալիոյ ընկերային 48-րդ շաբաթուան աշխատանքները  ի գործ դրուին իտալական ընկերութեան ծառայութեան ի խնդիր՝ վերանորոգուած յանձնառումով ու բոլորին վստահեցուց իր աղօթքները  անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, Եկեղեցւոյ ի սպաս իր ծառայութեան համար ու շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։.








All the contents on this site are copyrighted ©.