2017-10-26 10:57:00

Կարդ. Փարոլին. Առաջնութիւն-Սիւնհոդոսականութիւն բարեկարգումի անբաժան մասնիկ են։


(Ռատիօ Վատիկան) «Բարեկարգումը միասնական հայեցակարգ է վերանորոգումի հետ ու մինչեւ օրս այդ ուղեկցութիւնը առաջնորդողը՝ առաջնութիւն - սիւնհոդսականութիւն բանալի համադրութիւնն է, որ եղած է Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի կենսական ու յատուկ կեդրոնը»: Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինը՝ չորեքշաբթի 25 հոկտեմբերին՝ գերապայծառ Ակոսթինօ Մարքեթթոյի հրապարակած «Բարեկարգումը ու Եկեղեցւոյ Բարեկարգումները։ Մէկ Պատասխան» բնաբանով գիրգին շնորհանդէսի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ։

Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց ապա Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերը ուր ան կը հաստատէ թէ բարեփոխումը պէտք է կայանայ շարունակականութեան ուղիին վրայ, ապա ընդգծեց թէ խնդրոյ առարկայ բարեփոխումը պէտք է միշտ մեկնի դէպի Քրիստոսի Սիրտ դարձէն ու պահպանելով այն սիրտը որ պատմութեան հոլովոյթին ճանաչելի կը դարձնէ Եկեղեցին»։ Ակնարկելով  հուսկ Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումի աշխատանքներուն՝ Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ վճռական քայլեր կատարուած են այդ ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.