2017-10-26 09:14:00

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը


Երեւանի «Մուլթի Կրանտ Հոթել» պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը: Նիստին կը մասնակցին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի վարչապետները:

Նիստին կը նախագահէր Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի  նախագահ Տիգրան Սարգսեան:

Նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Ան նախ հանդիպումին կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական կողմին` վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ:

«Արդիւնաւէտ քննարկում էր: Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կը ձեւաւորենք ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժի կարելիութիւններ: Ատիկա դիւրին աշխատանք չէ եւ կը պահանջէ երկար ու տքնաջան աշխատանք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընթացիկ տարուան  առաջին կիսուն Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու միասնական համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 1,8 առ հարիւրով, աճը կը վերաբերի բոլոր անդամ երկիրներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է 28 առ հարիւրով, երրորդ երկիրներու հետ արտաքին առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած է 26 առ հարիւրով: Սակայն յառաջ երթալու համար կարեւոր է կատարելագործել միութեան իրաւական դաշտը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ անդրադարձաւ արդիականացման եւ մրցունակութեան չափանիշներուն. «Այսօր գրեթէ կարելի չէ խօսիլ արդիականացման եւ  մրցունակութեան բարձրացման մասին` առանց թուային օրակարգի: Հասկնալի է, որ այս ծաւալուն հարցին լուծման անհրաժեշտ է հասնիլ` հաշուի առնելով տնտեսութիւններու` այդ փոփոխութիւնները ընդունելու ունակութիւնը, առանց գործառնութիւններու համար աւելորդ ծախսերու:








All the contents on this site are copyrighted ©.