2017-10-26 09:27:00

«Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» հաւաքը պատասխան մըն է Ամերիկեան անտարբերութեան. Համբարեան


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հոկտեմբեր 24էն 26 կայացող՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» խորագրեալ համաժողովի բացման մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ հաւաքը պատասխան մըն է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած անտարբերութեան։

Համբարեան շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն պէտք է առաջատարի դեր ստանձնէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան ու կրօնական ազատութեանց պահպանման հետ կապուած նախաձեռնութեանց մէջ՝ աւելցնելով, թէ կարելի է միաժամանակ արդար եւ հզօր ըլլալ։

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս համաժողովի հովանաւորներէն մէկը կը հանդիսանայ՝ «Ֆիլոս» ծրագիրին, Կրօնական ազատութեանց հիմնարկին, Կրօնքի եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկին եւ Լիբանանեան տեղեկատուական կեդրոնին կողքին։

Համաժողովին կը մասնակցին մեծ թիւով քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներ։

Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ քննարկումի նիւթ պիտի դարձնեն Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեանց զոհերու օգնութեան տրամադրումը, «Իսլամական պետութիւն»ը, «Քայիտա»ն եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած այլ կազմակերպութիւններ պատժելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերը:

«Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովի կրօնական խորհրդակցական մարմինին մաս կը կազմեն Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան, որոնք մասնակցեցան նաեւ մամլոյ ասուլիսին յաջորդած միջեկեղեցական պատարագին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.