2017-10-25 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապի յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչկսոս Պապին,  2017 տարւոյն՝ նոյեմբեր,դեկտեմբեր ամիսներուն եւ 2018 տարւոյն՝ յունուար ամսուան ընթացքին գլխաւորելիք արարողութիւններուն յայտագիրը։ 

Նոյեմբեր ամսուայ առաջին արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օր մեռելոցի տօնին օրը՝ 2 նոյեմբերին։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  պիտի այցելէ «Նեթունօ» քաղաքը  ուր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարգի արարողութիւնները ի յիշատակ բոլոր  ննջեցեալ հաւատացեալներուն։

Մինչ ՝ 3 նոյեմբեր 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ,  2017 տարուան  ընթացքին իրենց հոգին աւանդած կարդինալներուն հոգւոյն համար։ 

19 նոյեմբեր 2017-ին,  Ֆրանիչսկոս Քահանայապետ Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ կը յիշատակէ Ողորմութեան Սուրբ տարուան աւարտին հաստատուած՝ աղքատներու համաշխարհին օրը ապա ՝26 նոյեմբերին, սկիզբ կ՝առնէ  Ֆրանչիկսոս Պապի Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք  առաքելական ճամբորդութիւնը։

2017ի՝ դեկտեմբեր ամսուան ընթացին, 8 դեկետեմբերին Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ  Յղութեան  ծիսական տօնին առթիւ,  Ֆրանչիսկոս Պապ աւանդութեան համաձայն,   Հռոմի Սպանիա հրապարակին վրայ  պաշտամունքի տուրք կը մատուցանէ  Անարատ Յութեան Տիրամօր արձանին,  ծաղկեփունջ մը  զետեղելով անոր ոտքին իսկ 12 դեկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին  մէջ Ան կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ,  Ամերիկայի պաշտպան Սուրբ՝ Կուատալուփէ Տիրամօր տօնին առիթով։   

Մինչ՝ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով,  աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս  Պապ, կիրակի 24 դեկետմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9.30-ին,   Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի Արարութեան ։  Ապա 6 յունուար 2017-ին,  կը գլխաւորէ Յիսուսի Յայտնութեան տօնին Սուրբ Պատարագը ու յաջորդ օրը՝ 7 յունուարին, Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առիթով Սիքսթինեան մատրան մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարգի արարողութեան ընթացքին Սուրբ Մկտրուաթեան խորհուրդը կը մատակարարէկարգ մը նորածիններու։

15-22 յունուար 2018-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Չիլէ ու կ՛այցելէ նաեւ Փերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.