2017-10-25 10:53:00

Մեկնարկեց «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը


Հոկտեմբեր 24-ին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկեց «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան:  Ան նշեց, որ գիտաժողովը, կազմակերպուելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարեւոր հայագիտական կառոյցներուն կողմէ, ունի գիտական մեծ կարեւորութիւն: «Մխիթարեան միաբանութիւնը գիտական, մշակութային այն կառոյց է, որ ոչ միայն սերունդներին է փոխանցել հայ ժողովրդի պատմութիւնն ու արժէքները, այլեւ հարստացրել ու զարգացրել է դրանք: Գիտաժողովը հիանալի առիթ է Մխիթարեանների ժառանգութիւնն ու ներկայ գործունէութիւնը ներկայացնելու, հանրայնացնելու, ուսումնասիրելու համար»: Ռադիկ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիյեանին Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հետ աշխոյժ համագործակցելու համար:

 

Ողջունելով ներկաները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այս տարուայ սեպտեմբերի 8-ին մեկնարկեցին Սուրբ Ղազար կղզում Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած մի շարք ձեռնարկները եւ ամբողջ տարուայ ընթացքում ոչ միայն Հայաստանում եւ Վենետիկում, այլեւ Սփիւռքի հարիւրաւոր համայնքներում նշւում է այս փառաւոր յոբելեանը, աշխարհին, համայն մարդկութեանն է ներկայացւում Մխիթարեանների խոշոր ձեռքբերումները: Ամէն անգամ, երբ ոտք եմ դնում  սուրբ Ղազար կղզի, համակւում եմ երախտագիտութեան զգացումով, անսպառ հիացմունքով, քանզի 300 տարի առաջ հայերը կարողացան անմարդաբնակ այդ փոքրիկ կղզեակը դարձնել հոգեւոր, կրթամշակութային հզօր կենտրոն, որն այսօր ամբողջական ուսումնասիրութիւնների կարիք ունի»: Նախարարն ընդգծեց, որ իրենց մտքի ուժին զուգահեռ Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ տարածքը վերածած են համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող ճարտարապետական  կոթողի:  «Միաբանները` Մխիթար աբբահօր գլխաւորութեամբ, ստեղծեցին հոգեւոր կենտրոն` պահպանելով եւ սերունդներին փոխանցելով նախեւառաջ քրիստոնէական արժէքները: Միւս ուղղութիւնը, որով փայլեցին Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, հայագիտական կենտրոնի ստեղծումն էր, որտեղ զարգացում ապրեցին թարգմանական գրականութիւնն ու բառարանագիտութիւնը, քարտէզագրութիւնն ու ազգագրութիւնը, ուսումնասիրուեց արեւմտահայերէնը: Այսպիսով`  մխիթարեանները կրթութիւնը դիտեցին որպէս բոլոր կենսական բարիքների աղբիւր»,-նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան կարեւոր համարեց նաեւ այն հանգամանքը, որ շատ օտարազգի մտաւորականներ, հանճարներ հաստատուած են Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, գրած են լրջագոյն աշխատութիւններ, արտայայտած են իրենց հիացմունքը հայ մշակոյթին հանդէպ:

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիյեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս գիտաժողովը ոչ միայն յարգանքի նշան է, այլեւ խոր բարեկամութեան, որ տարիներ ի վեր գոյութիւն ունի Մխիթարեան միաբանութեան եւ հայաստանեան գիտական կառոյցներուն միջեւ:

 

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններիու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան: Արժեւորելով Մխիթարեաններու գործունէութիւնը` ան նշեց, որ միաբանները, զարգացնելով հայագիտութեան բոլոր ուղղութիւնները, նախ եւ առաջ  ունեցած են հայապահպանութեան սրբազան առաքելութիւն:

ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան նշեց, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ազգի եւ երկրի համար չափանիշ կրնայ հանդիսանալ: «Այս հաստատութիւնը ստեղծուեցաւ Հայրենիքէն հեռու, դժուար կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի խումբ մը նուիրեալ զաւակներու կողմէ, որոնք ունէին միայն անսահման հաւատք իրենց ժողովուրդի տաղանդին եւ անոր պայծառ ապագային հանդէպ: Եւ չկայ  ոլորտ մը, ուր Մխիթարեանները իրենց ծանրակշիռ խօսքը ըսած չըլլան: 300 տարուան ընթացքին կուտակուած է հսկայական գանձարան, որ դեռեւս կարօտ է ուշադիր ուսումնասիրութեան: Ես մեծ յոյս ունիմ, որ մօտ ապագային կը տպագրուի Ղեւոնդ Ալիշանի «Արցախ աշխարհ» աշխատութիւնը, որ մեծ քաղաքական նշանակութիւն ունի: Վստահ եմ, որ այս միջազգային գիտաժողովը նոր էջ կը բանայ Մխիթարեան ժառանգութեան ուսումնասիրման գործին մէջ»:

Այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկան Լեւոն արք. Զէքիյեան («Մխիթար` խորհուրդ եւ մարտահրաւէր. Հայ հոգեւորութեան եւ մշակոյթի ռահվիրա մը, համաքրիստո­նէ­ա­կան, համամարդկային տարածքով»), ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան («Ղուկաս Ինճիճեանի աւանդը Հայաստանի պատ­մաաշխարհագրական հարցերու ուսումնասիրութեան բնա­գա­­ւառին մէջ»), ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան («Մխի­թարեանները Միքայէլ Նալպանտեանի գնահատմամբ»), ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան («Հայ միջնադարեան գրականութեան պատ­­­մութեան պարբերացման Մխիթարեաններու սկզբունքները»):

Գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ», «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» թեմատիկ ուղղութիւններով:








All the contents on this site are copyrighted ©.