2017-10-25 09:26:00

Գերապայծառ Եուրքովիչ «Սրբազան Պապը կ՛ուզէ որ Սուրբ Աթոռը ՄԱԿի մօտ ըլլայ առաջին գիծի վրայ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին կը յիշատակուի ՄԱԿի համաձայնութեան  հաստատումի օրը, որ կատարուած է 1945ի հոկտեմբեր 24ին։ Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհած է Արքեպիսկոպոս Իւան Եուրքովիչի, որ Սուրբ Աթոռի մնայուն Դէտն է ՄԱԿի եւ Ժընեւի այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ։

Արքեպիսկոպոս Եուրքովիչ այս առթիւ տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ Սրբազան Պապին փափաքն է՝ որ «Սուրբ Աթոռը ՄԱԿի մօտ ըլլայ առաջին գիծի վրայ»։ Սուրբ Աթոռը ունի չորս միջազգային առաքելութիւններ՝ Նիւ Եորք, Ժընեւ, Վիեննա եւ Փարիզ։ Սրբազան Պապը շատ կարեւոր կը նկատէ այս առաքելութիւնները։

Գերապայծառ Եուրքովիչ ապա յայտնած է, թէ ունկնդրութեան ժամանակ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցած է քանի մը կարեւոր խնդիրներ ինչպէս՝ ապազինումի խնդրի հանդէպ Եկեղեցւոյ դիրքը ու գաղթականութեան խնդիրը։

Սրբազան Քահանայապետի արտայայտութիւնը՝ թէ «ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռը պէտք է ըլլայ առաջին գիծի վրայ», կը շեշտէ միջազգային այդ կազմակերպութեան կարեւորութիւնը ամբողջ աշխարհի դիմագրաւած դժուարին պարագաներուն մէջ, եթէ նոյնիսկ ՄԱԿը շատ անգամ կը քննադատուի, ինչպէս բոլոր մեծ հաստատութիւնները, ըսած է Գերապայծառ Եուրքովիչ աւելցնելով է, թէ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայանայ աւելի ցայտուն կերպով՝ քան իր նախորդները։ Միջազգային կազմակերպութիւնները շատ բարձր կը գնահատեն Սրբազան Հօր ուսուցումը եւ երախտագէտ են թէ՛ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ թէ՛ Սուրբ Աթոռի մատուցած նպաստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.