2017-10-25 10:34:00

«Մենք Կ՛աշխատինք, Որ Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Համաձայնագիրը Ստորագրուի Որքան Կարելի Է Շուտ»


Եւրոպական Միութեան լրատուական ծառայութենէն «Թերթ»-ի «արդեօք հաւանակա՞ն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի ստորագրումը յետաձգուի» հարցումին պատասխանած են. «Մենք կ՛աշխատինք, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուի որքան կարելի է շուտ»:

«Մինչ այդ, համաձայնագիրի նախագիծը կարիքը ունի անցնելու տարբեր ներքին ընթացակարգերէ, ներառեալ թարգմանութեան եւ անդամ պետութիւններու ներպետական ընթացակարգեր: Այս հարցին մէջ յառաջընթացը կարելի եղածին չափ արագ կ՛ընթանայ: Կարեւորը այն է, որ բանակցութիւնները աւարտեցան, եւ նախաստորագրում տեղի ունեցաւ, եւ որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի կողմէ յստակ յանձնառութիւն ու ցանկութիւն կայ` կարելի եղածին չափ շուտ կնքելու համաձայնագիրը», նշած են Եւրոպական Միութեան լրատուական գործակալութենէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.