2017-10-25 10:20:00

«Դրախտը՝ մեր յոյսին նպատակը» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 25 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն որուն առթիւ շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ Դրախտի մասին որպէս մեր յոյսի նպատակը ու այս խորհրդածութեամբ եզրափակեց՝ յոյսի մասին  Ծիսական տարուայ ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւններու շարքը։

Դրախտ բառը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուսին Խաչին վրայ արտասանած ամենավերջին բառերէն մին եղաւ երբ դիմեց բարի աւազակին ու անոր վստահեցուց թէ այսօր իրենց հետ պիտի ըլլայ դրախտին մէջ։

Պահ մը մտաբերենք այդ դէպքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, Յիսուս մինակ չէ Խաչին վրայ, իր աջ ու ձախ կողմը կան երկու աւազակներ։ Մի գուցէ մարդիկ  գողգոթայի խաչերուն առջեւէն անցնելով մտածեցին թէ վերջապէս արդարութիւն կատարուած էր, մահուան դատապարտելով այդպիսի մարդիկ։ Յիսուսին մօտ կայ նաեւ անձ մը որ կ՛ընդունի իր յանցանքները ու պատիժը՝ որուն արժանացած է (Ղուկաս 23,41)։

Այդ գողգոթայի լեռան վրայ Յիսուս մեղաւորի մը կու տայ վերջին ժամադրութիւն մը անոր առջեւ բանալով Արքայութեան դռները։  Աւետարաններուն մէջ, այդ միակ տեղն է ուր ի յայտ կու գայ դրախտ բառը, եւ Յիսուս զայն կը խոստանայ խեղճ աւազակի մը որ Խաչին վրայ քաջութիւնը ունեցաւ Անոր դիմելու եւ ըսելու «Յիշէ զիս Տէր երբ գաս Թագաւորութեամբդ»(Ղուկ 23, 42)։ Ան ոչ մի բան ունէր սակայն կը վստահի Յիսուսին, զայն ճանչնալով որպէս անմեղ, բարի ու բոլորովին իրմէ տարբեր։ Այդ հեզաբարոյ մօտեցումը դպաւ Յիսուսի սրտին։

Այդ բարի աւազակը մեզի կը յիշեցնէ մեր իսկական վիճակը Աստուծոյ առջեւ. Մենք Անոր զաւակներն ենք, որոնց հանդէպ ան ունի անհուն գթութիւն, ու կը մնայ անզէն՝ ամէն անգամ որ մենք իր սիրոյն կարօտը կը հայցենք։ Չկայ անձ մը որուն մերժուած է շնորհքը՝ ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ ամէնքս Աստուծոյ առջեւ կը ներկայանանք դատարկ ձեռքերով, սակայն հարկաւոր է վստահիլ Անոր ողորմութեան, որովհետեւ Աստուած Հայր է, ու մինչեւ վերջ կը սպասէ մեր վերադարձին՝ ինչպէս կը պատմէ անառակ որդիին առակը։

Դրախտը արդարեւ առասպելական վայր մը չէ, այլ Աստուծոյ ողջագուրումն է, Անոր անհուն սէրը, ուր մուտք կը գործենք շնորհիւ Յիսուսին որ Խաչին վրայ մեռաւ մեզի համար։

Այնտեղ ուր Յիսուս ներկայ է, Այնտեղ կայ ողորմութիւն եւ երջանկութիւն, առանց Անոր կայ միայն խաւար եւ ցուրտ, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ մահուան ժամուն Քրիստոնեան կը կրկնէ «Յիշէ զիս Տէր» ու նոյնիսկ եթէ ոչ մէկը մեզ կը յիշէ Յիսուս մեր մօտն է ու կ՛ուզէ մեր փրկել մեզի թոյլ տալով մտնել Հօր տունը, հակառակ մեր բոլոր դերութիւններուն։ Ահա այս է մեր գոյութեան նպատակը, ուր ամէն ինչ կը կերպարանափոխուի ու կը դառնայ սէր՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Ան որ Յիսուսը ճանչցաւ ոչ մի բանէ վախ ունի, որովհետեւ մահուն ժամուն, երբ ամէն ինչ հասած է իր աւարտին, կը մնայ մէկ մէկ բան բան՝ միայն սէրը, որովհետեւ ինչպէս գրուած է Կորընթացներուն ուղղուած թուղթին մէջ «Սէրը առ յաւէտ է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.