2017-10-25 11:13:00

ՀՕՄ-ը նեցուկ կը կանգնի «ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման» օրինագիծին


ՀՕՄ-ը յայտարարութեամբ մը ողջունած է այս ամսուան ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուած «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման» օրինագիծը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով անոր վաւերացումով նման ոճիրներու քրէականացումը, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Նման օրինագիծ մը արդէն իսկ ուշացած նկատելով՝ ՀՕՄ-ը կը շեշտէ, թէ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութենէն ի վեր կանանց իրաւանց պաշտպան երկիր մը պէտք է նման քայլերու դիմէր, երկիրը սեռային հաւասարութեան առաջնորդելու նպատակով։

Յիշեցնելով, որ հայոց պատմութեան ընթացքին կիները յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են՝ ՀՕՄ-ը կը շեշտէ, թէ անոնց պաշտպանութեան ապահովումը տարրական քայլ պէտք է ըլլայ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որպէսզի կիները կարենան ապրիլ բռնարարքէ եւ անարդար վերաբերմունքէ զերծ պայմաններու մէջ՝ ստանձնելով հասարակութեան մէջ իրենց վերապահուած դերակատարութիւնը։

«Մեր հասարակութիւնը իր կարելին պէտք է ընէ երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր ընտանիքի ապահովութիւնը, եւ այս օրէնքը առաջին քայլը պիտի ըլլայ ընտանեկան բռնութեանց վերջ տալու արշաւին», նշուած է յայտարարութեան մէջ, որուն աւարտին կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի իշխանութեանց, որ ապահովեն օրինագիծին վաւերացումը՝ շեշտելով, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնահերթութեան վերածուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.