2017-10-24 09:40:00

Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին նուիրրուած ձեռնարկներու բացման արարողութիւն


Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու բացման արարողութիւնը:

Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան 23-էն 25 հոկտեմբերին Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու  բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ` Հայաստանի մէջ  իրականացուող Ս. Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Բացառիկ է միաբանութեան դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: Գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարանները, թարգմանական, կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական աշխատութիւնները համաշխարհային հասարակագիտական բացառիկ նմուշներ են: Ուրախ եմ, որ այսօր Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ հայ հասարակութիւնը կարելիութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու այդ նմուշներէն քանի մը հատին», աւելցուց նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն արք. Զեքիեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, յատկապէս` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները հայրենիքի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.