2017-10-24 09:54:00

Եգիպտոսի խորհրդարանը կը վաւերացնէ երկրին մէջ արտակարգ դրութեան Հաստատման որոշումը


Եգիպտոսի խորհրդարանը վաւերացուց երկրին մէջ երեք ամսուան տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն հաստատելու որոշումը:

Եգիպտացի օրէնսդիրները զօրակցեցան Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու որոշումին, մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ Սինա թերակղզիին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն վտանգը:

Եգիպտական սահմանադրութիւնը նախագահին կ՛արտօնէ նախարարաց խորհուրդին համամտութեամբ յայտարարել արտակարգ դրութիւն մը, որուն տեւողութիւնը առաւելագոյնը երեք ամիս է եւ երկարաձգելի է միայն մէկ անգամով` երկու պարագաներուն ալ խորհրդարանի հաւանութեամբ:

Նախապէս Եգիպտոս արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր ապրիլ 2017-ին Թանթա եւ Աղեքսանտրիա քաղաքներուն մէջ երկու եկեղեցիներու դէմ կատարուած յարձակումներէն ետք, որոնք պատճառած էին 45 զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ:

ՏԱՀԵՇ ստանձնած էր յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.