2017-10-24 08:51:00

Արհիապատիւ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանը այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 23-ին ընդունած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեանը, որ Երեւան ժամանած է Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէ  ներս. Հոկտեմբեր 20-24 մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ յիշարժան այդ յոբելեանին առիթով:

Ողջունելով հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները` Հանրապետութեան նախագահ հանդիպման առիթով եւս մէկ անգամ շնորհաւորած է Միաբանութեան 300-ամեակը` ընդգծելով այն անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութիւնը, որ հիմնադրուելէ ի վեր ունեցած է Մխիթարեան միաբանութիւնը`աշխարհին յայտնի դառնալով որպէս հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական, գիտամշակութային կեդրոն:

Նախագահին խօսքով` երեք դար առաջ հայ մտքի հոգեւոր հսկայ Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած հաստատութիւնը Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ գործունէութիւն սկսելու պահէն ի վեր բացառիկ մեծ աւանդ ներդրած է հայապահպանութեան գործին, որու վկայութիւններէն են Միաբանութեան վանական համալիրին մէջ պահուող` հայ մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող բազմաթիւ ձեռագիրներն ու մատեանները, որոնք նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նմուշներ են:

Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Իտալիա եւ Աւստրիա իր այցելութիւններու ընթացքին կ՛աշխատի առիթը չկորսնցնել եւ մեծագոյն հաճոյքով կ՛այցելէ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հաստատութիւններ:

Նախագահը անհրաժեշտութիւն համարեց, որպէսզի Միաբանութիւնը շարունակէ իր արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ ընդգծեց, որ որեւէ դժուարութիւն, առաջացող խնդիրներ հնարաւոր է լուծել միայն Հայաստան-սփիւռք սերտ համագործակցութեամբ, որու պատրաստակամութիւնը երկուստէք կայ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեանի բեղուն գործունէութիւնը` ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելուն, հայապահպանութեանն ու սերունդներու կրթութեան:
Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահին ջերմ եւ քաջալերող խօսքերուն համար` ընդգծելով, որ միշտ հայրենիքի ամուր թիկունքը զգալը շատ կարեւոր է: Ան ջերմութեամբ յիշած է նախագահին այցելութիւնները Միաբանութեան հաստատութիւններ եւ յոյս յայտնած, որ նման առիթներ յառաջիկային եւս կ՛ըլլան: «Միասնաբար, ձեռք ձեռքի տուած միաբանութիւնը իր անդամներուն եւ նաեւ բարեկամներուն հետ ձեր` մեծարգո՛յ նախագահի եւ վեհափառ Տիրոջ բարձր հովանիին ներքոյ պէտք է ջանայ 300-ամեակի յոբելեանական տարին պատշաճ իրականացնել»,- նշած է Զէքիեան:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքին վերաբերող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.