2017-10-23 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Թել Ավիվի համալսարանի» պատուիրակութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 23 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիկսոս Պապ առաքելական պալատի Քահանայապետերու դահլիճային մէջ ընդունեց Թել Ավիվի համալսարանի 30 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ ակնարկեց անոնց կազմաւորումի աշխատանքին ի նպաստ նոր սերունդներուն, որոնք՝ ըսաւ նորին Սրբութիւնը, կը ներկայացնեն ընկերութեան ապագան, ապա ընդգծեց «կրթական» գործունէութեան կարեւորութիւնը որ, ըսաւ ան,  կը պահանջէ արհեստավարժ ու արուեստագիտական հմտութիւն, ինչպէս նաեւ մարդկային զգայնութիւն որ ուսուցիչին ու աշակերտին միջեւ խթանէ անկեղծ երկխօսութիւն ի նպաստ կազմաւորումին։

Գիտութիւնն ու իմաստութիւնը պէտք է միասին քալեն, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով թէ համալսարանը կանչուած է կրթելու որակեալ մշակոյթ որ կարող ըլլայ ներդաշնակութիւն դնել գիտական ու տեխնիքական մօտեցումի ու մարդասիրական մօտեցումի միջեւ։ 

Ներկայ աշխարհը, ըսաւ Քահանայապետը, հրատապ կարիքը ունի  որակեալ մշակոյթին։ Կարիքը ունի «առաջնորդներու» որոնք կարող ըլլան որոնելու նոր ուղիներ՝ համապատասխանելու համար ներկայ սերունդի պահանջներուն, առանց վտանգի ենթարկելու ապագայի սերունդները։ 

Միայն ծառայելով մարդկային համապարփակ զարգացումին գիտութիւնն ու մարդաբանական  ուսուցումները կարող են արտայայտել իրենց լիակատար արժանապատուութիւնը ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու անոնց կարեւոր աշխատանքին վրայ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.