2017-10-23 10:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Քանատացի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 2018-ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին Քանատայի եպիսկոպոսները  22 հոկտեմբեր 2017-ին Թորոնթոյի « Tv Sel + Lumière» հեռուստակայանի համագործակցութեամբ կազմակերպած էին յատուկ հաղորդումի ծրագիր մը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կարդինալ Քեւին Ֆարրըլ՝ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի  Ժողովի կառավարիչը ինչպէս նաեւ Քանատացի եպիսկոպոսներ ու կաթողիկէ երիտասարդներ։

Վերոնշեալ ծրագրին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղած է Քանատացի երիտասարդներուն որուն մէջ յայտնած է իր ուրախութիւնը, այս առթիւ իրենց մէջ գտնուելուն համար, շնորհիւ արուեստագիտական միջոցներուն, որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, եթէ դրական կերպով օգտագործուին, հանդիպումի առիթներ կ՛ընծայեն, որոնք անկարելի կը թուէին անցեալին։ 

«Այս կը նշանակէ թէ եթէ մարդիկ իրարու հետ համագործակցին փնտռելով մէկը միւսին բարիքը, աշխարհը կը ներկայանայ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ, առ այդ ձեզմէ կը խնդրեմ որ թոյլ չի տաք որ զայն կործանեն անոնք որոնք կը մտածեն միայն իրենց շահերուն» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ու խրախուսեց զանոնք աշխարհն ու պատմութիւնը ոռոգելու այն ուրախութեամբ որ կու գայ Աւետարանէն ու Յիսուսի հետ հանդիպումէն։

«Մի թողուք որ ձեզմէ խլեն երիտասարդութիւնը» շեշտեց ապա Սրբազան Քահանայապետը։ Ոչ մէկուն թոյլ տուէք որ մթագնէ լոյսը՝ զոր Քրիստոս կը դնէ սրտին մէջ։  Բաժանումի պատնէշներ մի բարձրացնէք, այլ կառուցեցէք կամուրջներ» աւելցուց Սրբազան Պապը ակնարկելով անոնց պատրաստութեան՝ իրենց հայող  յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին որուն նիւթն է «երիտասարդներ, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ Յիսուս զանոնք կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու ու թէ այդ կոչին համապատասխանելու համար հարկաւոր է ստանձնել ուղեւորութիւն մը։ «Աշխարհն ու Եկեղեցին պէտք ունին արի երիտասարդներու որոնք դժուարութեան դիմաց վախ չունին եւ որոնք կը դիմագրաւեն զանոնք, իրենց աչքերն ու սիրտը բանալով իրականութեան, որպէսզի եւ ոչ մէկը մերժուի, դառնայ անարդարութեան ու բռնութեան զոհ, ու զրկուի մարդկային արժանապատուութիւնէն» ըսաւ հուսկ Ֆրաչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց երիտասարդները թոյլ տալու որ Քրիստոս անոնց մօտենայ, անոնց հետ խօսի, զանոնք ողջագուրէ ու դարմանէ անոնց վէրքերը, որպէսզի կարենան դիմագրաւել կեանքի հմայիչ արկածախնդրութիւնը։

«Գացէք Յիսուսին մօտ, Անոր հետ մնացէք աղօթքի մէջ, Անոր յանձնուեցէք ու ձեր համայն կեանքն ու հաւատքը վստահեցէք  Անոր ողորմած սիրոյն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց Քանատացի երիտասարդներուն մաղթելով որ «Յիսուսին հետ հանդիպումը ապրին նման Յիսուսի առաջին աշակերտներուն» ապա  բոլորը յանձնեց Նազարէթի Մարիամին, անոնց նման երիտասարդուհի մը, որուն վրայ Աստուած սեւեռեց իր սիրալիր հայեացքը։ «Թոյլ տուէք որ Մարիամ ձեր ձեռքէն բռնած ձեզ առաջնորդէ վեհանձն ու լիակատար «Ահաւասիկ եմ» ի ուրախութեան։ Յիսուս քեզի կը նայի ու քեզմէ կը սպասէ «ահաւասիկ եմ» խօսքը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու լսատեսողական պատգամը եզրափակեց իր օրհնութիւնը շնորհելով երիտասարդներուն ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի, յարեց ան, ես կարողանամ ըլլալ ձեր ուրախութեան հաւատարիմ համագործակիցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.