2017-10-23 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 23 հոկտեմբերի քարոզը. «Աստուծոյ մէջ գտնենք մեր գոյութենականութեան հաստատ հիմքը»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերումը՝ քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն՝ ուր կը խօսուի հարուստ մարդու առակին մասին, հրաւիրեց մտածել թէ ինչքան ունայն են  երկրային հարստութիւնները ՝  ընդգծելով ճշմարիտ  հարստութեան ՝ Տիրոջ հետ յարաբերութեան կարեւորութիւնը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով միայն հարստութիւններ ամբարել ուզող մարդուն առակին, հաստատելով թէ այդ մէկը   առասպել մը չէ  այլ իրողութիւն մը,  որ այսօր եւս կը պատահի,  ուր բազմաթիւ մարդիկ կ՝ապրին դրամը պաշտելու համար, կ՝ապրին՝ դրամը իրենց  աստուածը դարձնելու համար անտեսելով այն բազմաթիւ մանուկներն ու կարիքաւորները որոնք կը կարօտին կերակուրի, դեղի ու այլ տեսակ կենսական միջոցներուն։

Նորն Սրբութիւնը այդ մարդոց ընչաքաղցութիւն որակեց «կռապաշտութիւն« սպաննող կռապաշտութիւն ըսաւ Ան, որ անօթութեան կը մատնէ բազմաթիւ մարդիկ ու մատնանշեց 200 հազար Ռոէիկիայ ցեղախումբի պատկան մանուկներուն, որոնք կ՛ապրինք գաղթավայրերու մէջ եւ որոնք հազ հազիւ առօրեայի հացը ունին։

Դրամապաշտութիւնը ապա պատերազմներ կը յառաջացնէ դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը մտաբերելով ժառանգութեան համար ընտանիքներու անդամներու միջեւ յաճախ տեղի ունեցող բախումները ապա քարոզը եզրափակեց վերահաստատելով թէ   Յիսուսին պատմած առակը չի  հայիր միայն այդ ժամանակներուն այլեւ կը կրնկուի այսօր  ապա հրաւիրեց աղօթել Աստուծոյ որպէսզի դպչի դրամապաշտ մարդոց սիրտերուն ու  յորդորեց որ Աստուծոյ մէջ  գտնենք մեր գոյութենականութեան հաստատ  հիմքը։  

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.