2017-10-23 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերերջանիկ Թեոֆիլոս Գ՝ Երուսաղեմի Յոյն Օրթոտոքսներու պատրիարքը ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Երսուաղեմի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Գերերերջանիկ Թեոֆիլոս Գ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։  Այս առթիւ արտասանած բարի գալուստի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը  յիշելով Երուսաղեմ կատարած  առաքելական այցելութիւնը  շնորհակալութիւն յայտնեց երսուսաղեմի մէջ՝ Թեոֆիլոս Գ Պատրիարքին  իրեն վերապահած ջերմ հիւրասիրութեան համար ապա յիշեց Յիսուսի  գերեզմանին մօտ կատարած այցելութիւնը   ու աղօթքը,  իր խնդակցութիւնը  յայտնելով Սուրբ Վայրի  վերանորոգման աշխատանքներուն համար, շնորհիւ Երուսաղեմի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ, Հայ եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Երկրի  Ֆրանչիսկեան Պահակութեան  միջեւ  համագործակցութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  իր մօտիկութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք  Սուրբ Երկրին մէջ տասնեակ տարիներէ ի վեր  կը տառապին այնտեղ կայացած բախումներուն պատճառաւ ։ Ան  Աստուծոյ օգնութիւնը հայցեց տառապողներուն համար,  ապա   խնդրեց որ կրկնապատկուին բոլոր ջանքերը, որպէսզի  երկրին  մէջ  կայուն խաղաղութեան պայմանները իրականացուին ՝ հիմնուած արդարութեան եւ բոլորին իրաւունքի ճանաչումին վրայ,   հաստատելով թէ  Սուրբ Երկրիրը,  պէտք է ըլլայ այն վայրը ուր բոլորը կրնան խաղաղութեամբ ապրիլ , ապա թէ  ոչ բոլորին համար պիտի շարունակուի ըլլալ տանջանքի միջավայր։

Ֆրանչիսկսո Պապ մաղթանք յայտնեց , որ  Սուրբ Երկրին բոլոր քրիստոնեայ համայնքները , միշտ աւելիով ճանչցուին  որպէս երկրի ընկերութեան  անբաժանելի մաս, որպէս լիակատար քաղաքացիներ  եւ հաւատացեալներ լի  իրենց իրաւունքներով ։ Ան մաղթեց որ  Սուրբ երկրի  բոլոր քրիստոնեայ հասասակութիւնները,  երբեք չտքնին իրենց նպաստը բերելու հասարակաց բարիքին եւ խաղաղութեան  կերտման համար,  աշխատելով դառնալու համերաշխութեան եւ հաշտութեան արուեստագէտները  ըսաւ Նորի Սրբութիւնը ու աւեցուց   թէ սոյն  նպաստը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ այն ժամանակ երբ տարածաշրջանի զանազան եկեղեցիներու միջեւ կ՝իրականցուի աւելի զօրեղ ներդաշնակութիւն։  Ապա այս ծիրէն ներս շեշտեց եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝  ի սպաս ընտանիքներու եւ քրիստոնեայ երիտասարդներուն զօրակցութեան,  որպէսզի  անոնք չգտնուին իրենց երկիրը թողելու պայմաններու մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշելով Յիսուս խօսքը «Անոնք թող ըլլան մի՝  որպէսզի աշխարհը հաւատայ»,  վերահաստատեց իր  անկեղծ փափաքն ու յանձնառումը  յառաջդիմելու   լիակատար միութեան ուղեւորութեան  վրայ ու շեշտեց

«Քաջատեղեակ եմ որ անցեալի մի քանի վէրքերը կը շարունակեն իրենց հետքը ձգել շատերուն յիշողութեան մէջ։  Կարելի չէ  փոխել անեցեալի պատմութիւնը,  սակայն՝ առանց մոռնալու  դարերու հոլովոյթին տեղի ունեցած  սիրոյ ծանր դերութիւնները, միասնաբար սեւեռենք հայեացքը ՝  համերաշխութեամբ լի   եւ եղբայրական հաղորդութեմաբ ապագայի մը՝   եւ այս մէկը կատարենք հիմա ՝ ինչպէս Տէրը կը փափաքի»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ընդգծելով  որ եթէ այս մէլ չկատարուի,   այդ պիտի ըլլայ ժամանակակից շրջանի  ամենածանր յանցանքը, անհնազանդ գտնուելով Քրիստոսի հրաւէրին,  ու ժամանակներու  նշաններուն, զոր Սուրբ Հոգին կը սերմանէ Եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը,  վերահաստատելով իր մօտիկութիւնը Սուրբ Երկրին  քրիստոնեայ եղբայրներուն  ինչպէս նաեւ իր սէրը տարածաշրջանի միւս մեծ կրօններու բարեկամններու նկատմամբ, յոյս յայտնելով եւ աղօթելով որ շուտով բոլորին հասնի կայուն եւ  մշտական խաղաղութեան օրը ապա հրաւիրեց միասին աղօթել Հայր մեր աղօթքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.