2017-10-21 11:41:00

Հռոմի մէջ համաժողով. «Վերամտածել Եւրոպան։ Քրիստոնէական սատար Եւրոմիութեան ապագային համար»


(Ռատիօ Վատիկան) 25 մարտ 1957-ին Հռոմի մէջ ստորագրուած Եւրոպական Միութեան հայող Հռոմի պայմանագիրերու 60րդ յոբելեանին առթիւ, 27-29 հոկտեմբեր 2017-ին Վատիկանի մէջ գումարուած է «Վերամտածել Եւրոպան։ Քրիստոնէական սատար Եւրոմիութեան ապագային համար» խորագիրով համաժողով մը՝ կազմակերպուած Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու նախաձեռնութեամբ ու Սուրբ Աթոռի համագործակցութեամբ։ Համաժողովի աւարտին ժողովականները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եկեղեցական ու քաղաքական աշխարհի եւրոպացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, միասնկան կառուցողական խորհրդակցութիւն մը կատարելու Եւրոպական ծրագրին դիմաց կայացած հիմնական մարտահրաւէրներուն մասին, որպէս կէտ նպատակ ունենալով գործել ի սպաս հասարակաց բարիքին ու մարդկային արժանապատուութիւնը ընտրել որպէս հասարակական քաղաքականութեան կեդրոն։

«Երկու աշխարհամարտերէն ետք Եւրոպան պատասխանատուութիւնն ունի աւելիով ըմբռնելու իր  դերը աշխարհի եւ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ»,գրուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ու նաեւ նշուած է «Եւրոպան պէտք է որոնէ միջոցներ գործնականապէս ներգրաւելու  ժամանակակից այր մարդիկն ու կիները որպէսզի իրազեկ դառնալով աջակցին ինքնորոշման գործընթացին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.