2017-10-21 09:34:00

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները կը քննադատեն Թուրքիոյ բռնատիրական վարքագիծը։


Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութեանց ղեկավարներ երէկ քննարկած են Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան առկախուած անդամակցութեան առնչութեամբ նախատեսուող նիւթական օժանդակութեանց գումարը կրճատելու հաւանականութիւնը:
Թէեւ պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ Թուրքիոյ համար նախատեսուող օժանդակութեանց առկախումը, այսուհանդերձ ժողովականներու տրամադրութիւնը խիստ բացասական էր Թուրքիոյ վարած մարդկային իրաւանց թէ քաղաքական վարքագիծին ուղղութեամբ: Այս իմաստով, Ֆրանսայի վարչապետ Շարլ Միշել առաջարկեց Թուրքիոյ յատկացուելիք նիւթական օժանդակութիւնը, որ իրողապէս սառեցուած է,  յատկացնել աւելի կարիքաւոր երկիրներու:
Նոյն ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան ղեկավար դէմքեր եւ մարդկային իրաւանց յանձնախումբեր վերջերս բուռն կերպով քննադատած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարած բռնապետական քաղաքականութիւնը, որ աւելի սաստկացած ու խստապահանջ դարձած էր յատկապէս յուլիս 2016-ի պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք: Անոնք Էրտողանը կը քննադատեն դատաւորներու, լրագրողներու եւ քաղաքական ականաւոր գործիչներու ձերբակալութեան համար` նշելով, որ Անգարա հետզհետէ կ՛ընթանայ բռնատիրական ուղիով:
Այս առիթով Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել, որ կատարած էր կրճատման առաջարկը, իր կարգին քննադատեց Թուրքիոյ քաղաքական վարքագիծը, ուր զգալիօրէն կը բացակայի օրէնքի իշխանութեան գերակայութիւնը:
Մերքել  ծանր ճնշումներու կ՛ենթարկուի Գերմանիոյ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ`  աւելի խիստ ու կարծր կեցուածք ցուցաբերելու համար Թուրքիոյ նկատմամբ, ուր բազմաթիւ ծագումով թուրք գերմանացիներ կը հալածուին ու կը բանտարկուին: Նմանապէս, բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ փախուստ կու տան Թուրքիայէն` քաղաքական ապաստանեալի դիմում հայցելով Եւրոպայի մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.