2017-10-21 08:25:00

«Առաքելութիւնը քրիստոնէական հաւատքի սիրտն է» Միսիոներական Համաշխարհային օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 22 հոկտեմբերին կը նշուի Առաքելութեան համաշխարհային օրը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած էր  «Առաքելութիւնը քրիստոնէական հաւատքի սիրտն է» բնաբանով պատգամ մը։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրած էր.

Այս տարի ևս՝ Առաքելութեան համաշխարհային  օրը մեզ կը համախմբէ Յիսուս Քրիստոսի՝ «Ամենէ առաջին և մեծագոյն աւետարանիչի» անձին շուրջ,  որ շարունակ մեզի կը հաղորդէ քարոզել Հայր Աստուծոյ Սիրոյ Աւետարանը՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ: Այս օրը մեզ կը հրաւիրէ վերստին  արտացոլելու քրիստոնէական հաւատքի առաքելութիւնը: Եկեղեցին  իր բնոյթով առաքելութիւն կատարող է, ապա թէ ոչ, այն այլևս կը դադրի Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցին ըլլալէ, ու կը դառնայ այլ հասարակութիւններու միջեւ հասարակութիւն որը կը հետապնդէ իր նպատակը ապա կ՛անհետանայ: Առ այդ կարևոր է մենք մեզի հարց տալ թէ ինչպիսին է մեր քրիստոնեայ անհատականութիւնը և որոնք են մեր հաւատացեալի պատասխանատուութիւնները աշխարհին մէջ, ուր տեղ  գտած են շփոթութիւնը, հիասթափութիւնն ու յուսալքումը  և եղբայրասպան պատերազմները, որոնց թիրախ են անմեղները: Ո՞րն է մեր առաքելութեան հիմքը: Ի՞նչն է մեր առաքելութեան սիրտը: Ի՞նչ հիմնական մօտեցումներ  պէտք է  դրսևորել՝ մեր առաքելութիւնը իրականացնելու համար - ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած հարցումները միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին ներածականին մէջ, ուր Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Քրիստոնէական առաքելութեան հայող տարբեր նիւթերը յատկապէս ակնարկելով Յիսուսի Քրիստոսի Աւետարանի վերանորոգիչ զօրութեան մասին՝ Յիսուս որ է ճանապարհ ճշմարտութիւն եւ կեանք։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ուղղուած է բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, հիմնուած Աւետարանի կերպարանափոխիչ հզօրութեան վրայ գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ հաստատելով թէ Հայր Աստուած իր բոլոր զաւակներուն համար կը ցանկայ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ այդ վերանորոգող փոփոխութիւնը ապա կ՛ընդգծէ թէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւն չի կայանար կանոնական գաղափարախօսութեան կամ բարոյական վսեմ ուսուցում տարածելու մէջ։ «Եկեղեցւոյ առաքելութեան միջոցաւ  նոյնինքն Յիսուս  Քրիստոսն է որ կը շարունակէ աւետարանել ու գործել, ու այդ առաքելութեան պատմութեան մէջ ներկայ է « kairos»-ը՝ փրկութեան բարենպաստ ժամանակը». Առ այդ, հրաւէր կ՛ուղղէ Սրբազան Պապը, «երբեք պէտք չէ մոռնալ թէ Քրիստոնեայ ըլլալը, բարոյական որոշումի մը արդիւնը չէ եւ ոչ ալ վեհ գաղափարական այլ հանդիպում իրադարձութեան, Մարդու մը, որ կեանքի կը պարգեւէ նոր հորիզոն եւ որոշիչ ուղղութիւն (Պենետիկտոս ԺԶ, Deus Caritas Est, 1)»

 

Սրբազան Պապը  բացայայտեց ապա թէ Աւետարանի ներգործութիւնը, որ կ՛իրականանայ Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներով։ Ան շեշտեց, թէ աշխարհ էականօրէն կարիքն ունի Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին։ Յիսուս կը շարունակէ Իր Բարի Սամարացիի առաքելութիւնը, դարմանելով մարդկութեան արիւնող վէրքերը, եւ Բարի Հովիւի առաքելութիւնը՝ անդադար կերպով փնտռելով սամարացին՝ ոլորուն ճանապարհներու վրայ։

Սրբազան Պապը յիշելով  Evangelii gaudium իր առաքելական յորդորի խօսքերը, նկատեց, թէ առաքելական հոգին կը պահանջէ որ դուրս ելլենք մեր հանգստաւէտութենէն եւ քաջութիւնն ունենանք հասնելու արուարձանները, որոնք կարիքն ունին Աւետարանի լոյսին։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յարատեւ ուխտագնացութեան մը նման է, որ կ'ընթանայ կեանքի զանազան անապատները՝ հոն փորձարկելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան ծարաւը։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակական աքսորքի մը նկարագիրն ունի, որպէսզի յաւէրժութեան ծարաւող մարդուն զգալ տայ, թէ իր աքսորի վիճակը երթ մըն է դէպի վերջնական հայրենիք, որ կը տարածուի Երկնքի Արքայութեան «արդէն» իսկ եւ «ոչ տակաւ» իրականացումին միջեւ։

Առաքելութիւնը կը յիշեցնէ Եկեղեցւոյ, թէ ան ինքնին նպատակը չէ, այլ Արքայութեան միջնորդելու խոնարհ գործիք մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ յատուկ կերպով անդրադարձաւ երիտասարդներու դերին, զանոնք նկատելով  առաքելութեան յոյսը։ Յիսուս Քրիստոսի Անձը և Բարի Լուրը կը շարունակեն ներգրաւել  շատ մը երիտասարդներ: Անոնք կը ձգտին գտնել ուղիներ, որպէսզի խանդավառութեամբ և խիզախութեամբ ծառայեն մարդկութեան: « «Որքան գեղեցիկ է տեսնել երիտասարդները՝ որպէս «փողոցներու քարոզիչներ» ուր ուրախութեամբ  Յիսուսը կը տանին աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւն» գրած է Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ակնարկելով հուսկ յառաջիկայ եպիսկոպոսական ընդհանուր սիւնհոդոսին որ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի հոկտեմբերին եւ որ նուիրուած է երիտասարդներուն, որուն բնաբանն է «Երիտասարդները, հաւատքը և կոչումի զատորոշումը» ։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց «առաքելութեան ընկերութիւններու» մատուցած  թանկարժէք ծառայութիւնը  ապա նշեց թէ առաքելութեան համաշխարհային օրը պատշաճ առիթ է քրիստոնեայ համայնքներուն համար միանալու աղօթքի մէջ, կեանքի վկայութեան ու ծառայութիւններու հաղորդութեամբ արձագանքելով աւետարանումի մեծ ու հրատապ կարիքներուն. 

Ան ապա, յորդորեց, որ քրիստոնեաները ներշնչուին Աստուածածնէն, որ աւետարանումի Մայրն է։ «Թող ան մեզի օգնէ՝ արտասանելու մեր 'այո'ն՝ ընդառաջելով մեր ժամանակներուն մէջ Յիսուսի Բարի Լուրը կրկին հնչեցնելու պահանջքին եւ  կարողանանք ձեռք բերել սրբազան քաջութիւն,  բացայայտելու համար նոր ուղիներ՝ փրկութեան պարգևը հասցնելու բոլոր մարդոց»:








All the contents on this site are copyrighted ©.