2017-10-20 12:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը «Իմաստութիւնը ունենանք չի ծածկել մեր մեղքերը Տիրոջ առջեւ»


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Պօղոս Առաքելաի Հռոմէացիներուն ուղղուած  թուղթէն որուն մէջ առաքեալը կը յորդորէ Հաւատքի արարքով մօտենալ Աստուծոյ,  Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ ներումին վրայ,  դիտել տալով որ  Աստուած մեզ կը ներէ որովհետեւ  Աստուծոյ ներումը անշահախնդիր  ու անվճար է եւ անիկա  կը բխի Աստուծոյ կամքէն ու  Անոր շնորհքէն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալ տալով , որ մեր գործերը չեն որ մեզ կ՝արդարացնեն Աստուծոյ առջեւ,  հաստատեց թէ  Աստուած Ւնք է որ մեզ ներեց ՝մեր սկզբնական մեղքէն  եւ ինքն է որ մ միշտ  ներում կը շնորհէ,  աւեցնելով , որ մեր  կատարած  գործերով մենք կը պատասխանենք  Աստուծոյ անշահախնդիր սիրոյ։     

Հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը, անկեղծ գտնուինք , ճշմարտասէր  ըլլանք՝ յատկապէս մեր սրտերուն մէջ , զգուշացնելով կեղծաւոր կեանք վարելէն, որովհետեւ, ընդգծեց Ան,  կեղծաւորները ներքնապէս կեղտոտ են, մինչ՝ արտաքնապէս կ՝ուզեն իրենք զիրենք արդար եւ բարի ձեւացնել, բոլորին ցոյց տալով երբ ծոմ կը պահեն, երբ աղօթք եւ ողորմութիւն  կը կատարեն։  Ասոնք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հոգին կը կեղծեն,  եւ կեղծաւոր կեանք կ՝ապրին եւ իրենց համար սրբութիւնը կեղծիքի մէջ կը կայանայ ։

Ֆրանչիսկսո Պապա ապա ըսաւ , որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ  հետեւողական կեանք մը ունենանք. հետեւողականութիւն՝  ներքին կեանքին եւ  կատարուած  գործերուն   միջեւ,  հաստատելով որ կեղծաւորութիւնը, ստախօսութիւնը, մեծ ցաւ կը պատճառէ եւ կեանքի ապրելակերպ  կը դառնայ ։ 

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց յորդորելով , որ  չմեղադրենք ուրիշները, այլ սորվինք՝ իմաստութիւնը մեղադրելու մենք զմեզ, առանց ծածկելու մեր մեղքերը Տիրոջ դիմաց  








All the contents on this site are copyrighted ©.