2017-10-20 09:49:00

Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու հասցուցած վնասը կը գնահատուի 1 միլիառ տոլար


Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ նահանգին մէջ անտառային հրդեհներուն հասցուցած վնասը կը կազմէ 1 միլիառ տոլար:

Վկայակոչելով AP գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւնները` Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ տարերային աղէտը ամբողջովին ոչնչացուցած է առնուազն 7000 շինութիւն: Հրդեհներուն զոհ դարձած են արդէն 42 մարդ, որմէ 22-ը Սոնոմա շրջանին մէջ: Տեղի իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ աւերածութիւններու ծաւալները եւ վնասի չափը կրնան մեծնալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.