2017-10-18 10:46:00

Մեսրոպեան զանգերը հնչեցին Հալէպի հայ կաթողիկէ Զուարթնոց վարժարանին մէջ


Ուրբաթ,13 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ամարասի Մեսրոպեան զանգերը հնչեցին Հալէպի հայ կաթողիկէ Զուարթնոց վարժարանին մէջ։ Վարժարանի բոլոր կարգերը, անխտիր, իրենց մասնակցութիւնը բերին Թարգմանչաց Տօնի յիշատակումին։ Անոնցմէ ոմանք փառաբանեցին հրաշագեղ Հայոց լեզուն, ուրիշներ խօսեցան առաջին ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին ու իր գիւտի հզօրութեան մասին, այն գիւտին, որուն շնորհիւ առայսօր կը գոյատեւէ Հայոց լեզուն, Հայ ազգն ու Հայ եկեղեցին։

Մեսրոպեան գիւտին նուիրուած շաբաթէ մը ետք, բարձր կարգերու աշակերտները իրենց գծագրութիւններով և գիտելիքներով զարդարեցին պատի թերթերը, իսկ փոքրերը գունաւորեցին Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերը։

Աշակերտներուն արտասանած ոտանաւորները կը խորհրդանշէին անոնց ուխտը՝ նոր շունչով ու թափով սորվելու ու պահպանելու Մայրենի լեզուն, և որպէս սուրբ աւանդ, զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.