2017-10-17 09:59:00

Աստուածաշնչային ընկերութեան ներկայացուցիչները Սփիւռքի Նախարարութեան մԷջ


ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Զուիցերիոյ Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Էւա Թոմին, Գերմանիոյ Շթութկարտ քաղաքի Լիւթերական եկեղեցւոյ տեսուչ Էքարտ Շուլց-Պերգը, Հայ Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանը, ծրագիրներու տնօրէն Արշաւիր Կափուճեանը եւ մանկապատանեկան ծրագիրներու տնօրէն Մարիամ Ապրեսեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց աշխարհի բոլոր աստուածաշնչային ընկերութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումն ու անոնց ջանքերու համատեղումը:  Ան կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ Աստուածաշնչային ընկերութեան ստեղծումը եւ ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, որ տարբեր կրթական ճանաչողական ծրագիրներ  կ’իրականացնէ, հրատարակելով եւ տարածելով Աստուածաշունչը, թարգմանելով Ս. Գիրքին առնչուող գրականութիւն:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանին այն նուիրումին համար, որով անոր գլխաւորած կազմակերպութիւնը հասարակութեան տարբեր խաւերու, երեխաներու, լսողական խնդիրներ ուեցողներու համար յատուկ ծրագիրներ կ’իրականացնէ` Աստուծոյ խօսքը հասու դարձնելով բոլորին:

Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան որոշ ծրագիրներ իրականացնելու եւ յետագայ համագործակցութեան հետ կապուած այլ հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.