2017-10-16 11:44:00

Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նշում Անթիլիասի մայրավանքին Մէջ


Կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տեսչական պատարագ` Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Օրուան պատարագիչն էր դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսումնական-կրթական նոր տարեշրջանի բացումը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր, ուսուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ եւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներ:

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ դպրեվանքի  քայլերգով, ապա հաստատութեան «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ հսկիչ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանին, ներկայացուց փունջ մը հոգեւոր եւ ազգային երգեր:

Ապա, տեսուչ հայր սուրբը խօսք առնելով նշեց, որ դպրեվանքին մէջ ուսում ջամբելէ բացի մարդակերտում կը կատարուի եւ կը պատրաստուի գլխագիր մարդ: «Հոգեմտաւոր դարբնոց դպրեվանքի 88-րդ վերամուտը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար վերանորոգման հրամայականին ընդառաջելու առիթ է», ըսաւ ան` յայտնելով, որ վեհափառ հայրապետի կոչին ընդառաջելով, դպրեվանքը եւս վերանորոգած է իր տեսլականը, ծառայելու վճռակամութիւնը եւ սերունդներ կերտելու հաւատարմութիւնը: Խօսելով կեանքին դպրոց մը ըլլալուն եւ անոր ամէնէն կարեւոր ազդակը ժամանակը ըլլալուն մասին` տեսուչ հայ սուրբը յորդորեց եկող ժամանակները այնպէս մը իմաստաւորել, որ աշակերտութեան տարիներուն ամբարուած գիտելիքները տասնապատկուած արդիւնաւորուին:

Աւարտին, հայրապետական իր պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Ան յայտնեց, որ կրթական տարեմուտը հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային խանդավառութեան ալիք մը կը ստեղծէ, որովհետեւ այս երեքը իրարմէ անջատ չեն եղած հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, մանաւանդ ոսկեդարուն, երբ հայկական մշակոյթը քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ շնորհիւ գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Ե. դարէն ետք Աստուած մեզի հետ հայերէն խօսեցաւ մեր մշակոյթին ճամբով, հետեւաբար մշակոյթն ու հաւատքը միախառնուեցան մեր ազգին պատմութեան մէջ. այս բոլորը կը պարտինք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւ հայրապետին եւ անոնց աշակերտներուն:

Վեհափառ հայրապետը թուեց թարգմանչաց սերունդէն մեզի հասած այժմէական երեք պատգամներ. «Որքան ալ Հայաստանի մէջ ռուսերէնը, սփիւռքին մէջ անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը կամ այլ լեզուներ կարեւոր ըլլան, հայերէնը առաջնահերթութիւն է», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ «հայուն լեզուն հայերէ՛նն է»:

«Լեզու եւ մշակոյթ կերտելէ անդին, մեր հայրերը մեր մշակոյթին ու հոգեմտաւոր արժէքներուն ճամբով Աստուծոյ ներկայութիւնը կեանքի վերածեցին մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ»,  ըսաւ վեհափառ հայրապետը երկրորդ պատգամով: Իսկ երրորդ պատգամով ան խօսքը ուղղեց հայ ծնողներուն եւ անոնց ուսերուն վրայ դրաւ հայաշունչ ոգիով ու հայ ընտանիք դաստիարակելու առումով ուղղուիլ միայն հայկական վարժարաններ, որովհետեւ հայ ուսուցիչը լոկ դասաւանդող չէ, այլ` հայակերտ ու մարդակերտ կրթական մշակ է:

Արամ Ա. կաթողիկոս  իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով դպրեվանքին վերամուտը եւ յայտնելով, որ անիկա պարզ դպրոց մը չէ: «Ան որ դպրեվանքի բովէն կ՛անցնի եւ անոր տեսիլքէն կայծ մը կ՛առնէ, տարբեր անձ կը դառնայ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ աւելցուց. «Մենք բոլորս դպրեվանքէն անցած ենք իր ամէնէն խեղճ պայմաններուն մէջ, բայց ունեցած ենք խոր գիտակցութիւն, թէ դպրեվանքին մէջ մենք կը պատրաստուինք սրբազան առաքելութեան մը համար: Այս խոր գիտակցութիւնը ամէն տեսակ դասապահէ վեր է ու դպրեվանքին նկարագիր եւ իմաստ կու տայ», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետին պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» քայլերգին երգեցողութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.