2017-10-15 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց Համա-Ամազոնեան շրջանի եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի գումարումը։


(Ռատիօ Վատիան) Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Հրեշտակ Մարեմեան Աղօթքը արտասանելը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա խնդրեց  նոր սրբադասուած սուրբերէն որ բարեխօսեն մեզի համար ու մեզի ընկերանան մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին ու մեզի օգնեն որ խթանենք եղբայրական զօրակցութեան յարաբերութիւններ՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան բարիքին։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտարարեց թէ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խնդրանքին վրայ հիմնուելով  որոշած է՝ 2019-ի հոկտեմբերին Հռոմի մէջ գումարել Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներու  Սիւնհոդոս մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ  որոնել աւետարանումի նոր ուղիներ, ի սպաս այդ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, մանաւանդ բնիկներուն, որոնք յաճախ մոռցուած են, ապա այս առընչութեամբ եւս հայցեց նոր սուրբերու բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի յարգելով արարչութեան գեղեցկութիւնը, երկրին  բոլոր ազգերը  փառաբանեն զԱստուած՝ Տիեզերքին Տէրը ու Անորմէ լուսաւորուած՝ քալեն արդարութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին վրայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.