2017-10-14 09:06:00

«Տիրոջ հզօրագոյն պատգամը կարեկցութիւնն է» Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։


«Քանի՞ անգամ...պէտք է ներեմ» (Մատթէոս 18, 21) ֆրանչիսկոս Պապը իր քահանայապետական ժամանակաշրջանի բացման խօսքին մէջ, բարձրաձայն ըսաւ. «Տիրոջ հզօրագոյն պատգամը կարեկցութիւնն է» (17 մարտ, 2013)։

Այդ օրէն ի վեր, ան չէ դադրած կրկնելէ՝ թէ Աստուծոյ բարեգթութեամբ ու ողորմութեամբ յատկանշուած կարեկցութիւնը անչափ ու անսահման է։ Այս առնչութեամբ, լաւագոյն փաստը կը գտնենք «Աններող ծառայի առակ»-ին մէջ, ուր մեծահոգի գործատիրոջ մը գթառատ բարեսրտութեան հակադրուած է՝ իր ծառաներէն մէկուն անգութ խստասրտութիւնը(Մատթէոս 18, 21-35)։

Ո՞րչափ է Աստուծոյ կարեկցութիւնը: Բազմիցս կրկնուած այս հարցումին կարելի է պատասխանել՝ մեկնելով վերոյիշեալ առակէն եւ պատկերացնելով մեր կեանքը առանց մեր Տիրոջ անչափ ողորմութեան եւ անբաւ գթութեան։ Արդարեւ, եթէ Աստուածորդին ինքզինք չզոհէր՝ մեզ փրկելու ու մեզի բանալու երկինքի դռները, պիտի ապրէինք գթասրտութենէ եւ ներողամտութենէ զուրկ աշխարհի մը մէջ, ուր մենք մեզ պիտի գտնէինք անել կացութեան մը դիմաց՝ մեր մեղքին, ամօթին եւ յանցագործութեան հետեւանքով:

Ուստի, ի տես Աստուծոյ սիրոյն խորութեան՝ ինչպէ՞ս չխոնարհինք Անոր մեծութեան առջեւ, ինչպէ՞ս չերկրպագենք անոր Տէրութեան եւ ինչպէ՞ս, մեր կարգին, չօգտուինք 4 աւետարանական առակին տուած բովանդակալից դասէն՝ ցոլացնելու համար աստուածային այս եւ այլ բարեմասնութիւնները: Անհուն սէրէ բխած Աստուծոյ կարեկցութիւնը վերացական գաղափար մը չէ', այլ՝ գործնական իրականութիւն մը:

Անիկա պարզ պատգամ մը չէ', զոր կրնանք գործադրել մեր քմահաճոյքին համաձայն, այլ՝ անիկա կազմելու է մեր մտածելակերպին ու գործելաոճին մղիչ ոյժը: Լոկ կարեկցութեամբ յատկանշուած մեր ապրելակերպով՝ ի վիճակի կ'ըլլանք յայտնելու Աստուծոյ տածած բազմերես սէրը մարդոց հանդէպ, մանաւանդ հո'ն, ուր միահեծան ու սանձարձակ կը տիրապետեն անտարբերութիւնը, պառակտումը, անհանդուրժողութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը։

Հարցնելով Յիսուսի՝ «Քանի՞ անգամ պէտք է ներեմ» (Մատթէոս 18, 21), Պետրոս Առաքեալ կ'ուզէր գիտնալ ներողամտութեան չափն ու սահմանը, սիրոյ պարտաւորութիւններուն եւ օրէնքներուն քանակը։ Սակայն Աստուծոյ սիրոյն խորութիւնը ըմբռնողի մը համար՝ օրէնքներն ու սահմանները արժէք մը չունին: Իցի՜ւ թէ բարի տրամադրութեամբ աղօթէինք՝ «Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց», եւ անսայինք Սաղմոսերգուին մեզի տուած պատգամին՝ «Շնորհակալ եղէ'ք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է» (Սաղմոս 136,2), ապա, ըստ այնմ՝ վարէինք մեր կեանքը:

Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.