2017-10-13 08:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը ի լուր Պրաիզիլի մէջ հրկիզուած դպրոցի մէջ մահացած մանուկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Զօրակցութիւն եւ մօտիկութիւն այս երկու զգացումները  արտայայտուած են Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ պատգամին մէջ ուղղուած Պրազիլի Հարաւը գտնուող Մինաս Կէրայս Եանաուպայի քաղաքի մէկ դպրոցին մէջ՝ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած հրդեհի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։

Նորին Սրբութիւնը «խորապէս վրդոված է ի լուր այդ ահաւոր հրդեհային յարձակումին» որուն պատճառաւ մահացած են տասնեակ մանուկներ ու վիրաւորուած այլ տասնեակներ, գրած է Կարդինալ Փարոլին, Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան իրենց զաւակներուն մահը, անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ «սփոփանքը» ու վիրաւորներու ապաքինումը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական յոյսի մխիթարութիւն՝ բոլոր անոնց որոնք թիրախ են այդ «անհեթեթ» ողբերգութեան։

Նշենք թէ հրդեհի հեղինակն էր դպրոցին երբեմնի  պահակներէն մին որ վերջերս, զանազան պատճառներու բերումով, դպրոցի տնօրէնութիւնը հեռացուցած էր դպրոցէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.