2017-10-13 08:18:00

Հայաստան «Նորարարական նուաճում արձանագրող» երկիրներու խումբին մէջ է։


ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան մասնակցեցաւ «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» կլոր սեղան-քննարկման, որ կազմակերպուած էր Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, «Ինսիտ» (INSEAD) գործառնութեան դպրոցին եւ «Քորնել» համալսարանին կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նորարարութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներու, ակադեմական շրջանակներու, ՄԱԿի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին քննարկուած են նորարարութեան դերը տնտեսական աճ եւ կայուն զարգացում խթանելու աշխատանքին մէջ, 2017ի վարկանշումի արդիւնքներն ու մեթոտաբանութիւնը:

Հայաստանի օրինակով արձանագրուած է, որ նորարարութիւնը չի սահմանափակուիր տնտեսութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար երկիրներով:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշին համաձայն՝ Հայաստան կ՛ընդգրկուի «Նորարարական նուաճում արձանագրող» երկիրներու խումբին մէջ, ուր ներկայացուած են 17 զարգացող երկիրներ՝ նորարարութեան արդիւնաւէտութեան եւ կատարողական կարողութեան բարձր ցուցանիշներով: «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ» զեկոյցը վարկանիշ կու տայ երկիրներու տնտեսութիւններու նորարարական ներուժին:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշը կազմուած է 81 չափորոշիչներու հիման վրայ՝ 127 երկիրներու տնտեսութիւններուն համար (աշխարհի բնակչութեան 92.5 տոկոսը եւ համաշխարհային ՀՆԱի (համախառն ներքին արդիւնքի( 97.6 տոկոսը








All the contents on this site are copyrighted ©.