2017-10-13 13:30:00

Գոհութիւն Աստուծոյ Տիրամօր հովանիին ներքոյ մեզի պարգեւած շնորհքներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 հոկտեմբեր 2017-ին Փորթուկալի Ֆաթիմայի Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած պազիլիքայի մէջ, երեկոյեան 6.30-ին մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ,  կ՛եզրափակուին Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն հարիւրամեակի տօնակատարութիւնները (13 մայիս– 13 հոկտեմբեր 1917) ։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ   գրեց. « Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու հարիւրամեակի առթիւ գոհաբանութիւն մատուցենք Աստուած Տիրամօր հովանիին ներքոյ մեզի պարգեւած անթիւ օրհնութիւններուն համար»։








All the contents on this site are copyrighted ©.