2017-10-12 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ափարեսիտա Տիրամօր արձանի յայտնաբերման 300-րդ յոբելեանին առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց եւ շնորհաւորեց  Պրազիլցի ժողովուրդը, Ափարեսիտա Տիրամօր արձանի յայտնաբերման 300-րդ յոբելինական տարուան առիթով  ։

«Յատուկ օրհնութիւնս կը  շնորհեմ ձեզի  բոլորիդ որ  Յիսուս Քրիստոսի մէջ  կ՛ապրիք Մարեմեան Յոբելինական Տարին՝  «Փարայպա Տո Սուլ» գետին մէջ Ափարեսիտա Տիրամօր պատկերին  յայտնաբերման  300 ամեակին առթիւ»  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին սկիզբը ու ակնարկեց 2013 տարուան   երբ միջազգային առաջին առաքելական ճամբորդութեան առիթով,  առիթը ունեցած էր այցելել Ափարեսիտա սրբավայրը  եւ այնտեղ աղօթել ՝ո Տիրամօր ոտքին ներքեւ, Անոր յանձնելով  իր քահանայապետութիւնը  եւ յիշելով Պրազիլի ժողովուրդը,  ու նշեց թէ այդ միեւնոյն  առիթով է որ փափաք արտայայտած էր իրենց հետ միասին նշել յոբելինական տարին,  սակայն՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  Պապի մը կեանքը  պարզ  չէ, եւ  ասոր համար ուեզեց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէն նշանակել որպէս, քահանայապետական պատուիրակ  գլխաւորելու համար 12 հոկտեմբերի արարողութիւնները։

Ֆրանչիսկոս  Պապ ապա ուզեց Ափարեսիտայի ցանցին միջոցաւ իր գորովը արտայայտել  «այդ շատ սիրելի ժողովուրդին»  ապա  կրկնեց  2013-ին, Ափարեսիայտի  ազգային սրբավայրին  խորանին դիմաց  իր  արտասանած խօսքը  »։

Սրբազան Հայր ապա խրախուսեց ներկաները չի յուսալքուիլ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու յատկապէս վստահութիւն ունենան Աստուծոյ վրայ ու ապաւինիլ  Ափարեսիտայի Տիրամօր։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց  1717-ին,   երեք ձկնորսներու կողմէ յայտնաբերուած Ափարեսիտայի Տիրամօր արձանին որ, ըսաւ Ան, ձկնորսները մղեց  յոյս ունենալ  Աստուծոյ վրայ՝ Աստուած որ միշտ մեզ կը զարմացնէ, յարեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց,  ըլլալ ուրախ եւ երախտապարտ,  մաղթելով որ այդ ուրախութիւնը,  որ կը բխի  սրտերէն,  տարածուի ու հասնի Պրազիլի ամէն անկիւն,  յատկապէս աշխարհագրական, ընկերային ու գոյութենական արուարձաններուն մէջ,  որոնք կարիքը ունին կաթիլ մը յոյսի։   Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց նաեւ  որ Տիրամօր ժպիտը,   ըլլայ  ակնաղբիւր իւրաքանչիւրի ժպիտին, կեանքի դժուարութեան դիմաց ու հաստատեց թէ «Քրիստոնեան, երբեք յոռետես չի կրնար ըլլալ»։

Ւ վերջոյ Ֆրանչիկսոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Պրազիլի Ժողովուրդին՝ իրեն վերապահած աղօթքներուն համար ու հրաւիրեց շարունակել աղօթել քահանայապետին համար  վստահեցնելով որ Ւնք եւս կ՝աղօթէ  Պրազիլի ժողովուրդին համար։ 

Մենք միասնաբար՝ մօտիկէն կամ հեռուէն  կը կազմենք եկեղեցին՝ Աստուծոյ ժողովուրդը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով թէ  «Ամէն անգամ որ կը համագործակցինք, աւետարանը  հռչակելու համար , կը դառնանք Մարիամին նման ՝ հարազատ առաքեալներ եւ միսիոնարներ, ապա շեշտեց թէ «այսօր Պրազիլը պէտք  ունի  մարդոց եւ կիներու, լի  յոյսով եւ հաստատ հաւատքի մէջ,  որպէսզի ըլլան  վկաները այն իրողութեան , որ զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան մէջ յայտնաբերուած  սէրը՝  աւելի զօրեղ եւ լուսաւոր է՝ քան անձնասիրութեան եւ կաշառակերութեան խաւարէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով, եւ բոլորին համար  հայցելով Ափարեսիտայի Տիրամօր բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.