2017-10-12 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի 100 ամեակին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 12 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքյաին մէջ գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ պատարագով նշեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ ու Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի Աւագ Խորհրդական՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին  յղեց պատգամ մը որուն մէջ ներկայացուց Արեւելեան Եկեղեցիներու ու  Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի պատմականը, սկսեալ անոնց հիմնադրութիւնէն՝ Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետի օրով՝ 1917-ի Մայիս մէկին հրապարակած « Proprio Dei Providentis» ինքնագիր նամակով որով հիմնուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողով, եւ 15 հոկտեմբեր 1917-ին սկիզբ տալով Քահանայապտեական Արեւելեան ինստիտուտի գործունէութեան, յատկացուած Արեւելեան Եկեղեցիներու։

Սրբազան Քահանայապետը նշեց նաեւ թէ Պիոս ԺԱ օրով Քահանայապտեական Արեւելեան ինստիտուտի հոգաբարձութիւնը յանձնուեցաւ Յիսուսեան Միաբանութեան ՝ 14 սեպտեմբեր 1922-ին, ու 14 նոյեմբեր 1926-ին ան ունեցաւ իր ներկայի կեդրոնատեղին, որ կը գտնուի Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի կողքին։

1928-ին «Rerum Orientalium» շրջաբերականով Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն իրենց նորընծաներն ու աշակերտները ուղարկել  Քահանայապտեական Արեւելեան ինստիտուտ, որպէսզի այնտեղ ընդունէին իրենց կազմաւորումը։

1971-ին հիմնուեցաւ նաեւ Արեւելեան Կանոնագիտութեան կաճարը մինչ 1993-ին Աւագ Խորհրդականի տիտղոսը, որ սկզբնական շրջանին տրուած էր Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչին անցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Քահանայապտեական Արեւելեան ինստիտուտի գործունէութեան ու անոր դասատուներու սատարին հաստատելով թէ այսօր եւս այդ հաստատութիւնը կանչուած է ըլլալու վայր՝ այրերու ու կիներու կազմաւորումին որոնք պիտի համագործակցին Քրիստոսի հաշտութեան առաքելութեան ու այս ուղղութեամբ ընդգծեց նաեւ հաստատութեան «էքումնենիք« համամիութենական բնոյթը ու հաստատութիւնը յաճախող ոչ կաթողիկէ աշակերտներու ներկայութեան կարեւորութիւնը։

Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի պարտականութիւնն է՝ Արեւմտեան աշխարհին ճանչցնել Արեւելեան Եկեղեցիներու գանձերը ու անոնց հարուստ աւանդութիւնները որպէսզի անոնք ըլլան հասկնալի եւ ձուլումի չի մատնուին - գրած է Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ակնարկելով Միջին Արեւելքի ու Արեւելեան Եւրոպայի քրիստոնեաներուն ապրած իրականութեան ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքներուն ու պատերազմներու բերումով ստեղծուած սփիւռքին, հաստատելով թէ «ոչ մէկը կարող է աչքերը փակ պահել այս իրականութեան դիմաց» ու թէ այս ուղղութեամբ Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտը հրաւիրուած է նոր ուղիներ որոնելու ու կազմաւորման նոր ձեւեր որդեգրելու. որպէսզի հովիւները, քահանաներն ու եպիսկոպոսները իրենց հաւատացեալներուն փոխանցեն իրենց աւանդութիւններու ու ծէսերու նկատմամբ աւելի խոր սէր ու Լատին Եկեղեցւոյ հովիւներու ուշադրութեան յանձնեն արեւելածէս հաւատացեալներու հովուական պատշաճ խնամակալութիւն ապահովելու հարկաւորութիւնը։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց Յիսուսեան Միաբանութեան մինչեւ օրս մատուցած ծառայութեան համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու այդ ընթացքի մէջ։ Ան ապա գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ մաղթելով որ Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտը նոր սլացքով շարունակէ իր առաքելութիւնը միշտ աւելիով համապատասխանելով աշխարհի սպասումներուն ՝ ստեղծելու համար խաղաղութեան ու հաշտութեան ապագայ մը։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց  բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։

Տուեալ ի վատիկան 12 հոկտեմբեր 2017։








All the contents on this site are copyrighted ©.