2017-10-12 11:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ՝ քաջութեամբ աղօթել եւ Աստուծոյ դուռը բախել։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 09,00-ին- Ֆրանչիսկսո Պապ այցելեց Քահանայապետական Արեւելեան  Ինստիտուտը, որմէ ետք ժամը 10,15-ին, Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքային մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին հիմնադրութեան հարիւր ամեակին առիթով, որ հիմնուած  է Պենետիկտոս ԺԵ կողմէ 1 մայիս 1917-ին։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Քահանայապետական արեւելեան կաճառին եւ արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի հիմնադրութեան համար, որ տեղի ունեցած է 1917-ին։

Ան ապա անդրադառնալով մէկ դար առաջ տեղի ունեցած համաշխարհային Ա պատերազմին, յարեց թէ  ինք  յաճախ կրկնած է ,  թէ   մեր օրերուն եւս կ՝ապրինք մասնակի կերպով կատարուած այլ  համաշխարհային պատերազմ մը,  եւ ականատես ենք  արեւելեան եկեղեցիներու բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու ապրած ողբերգական հալածանքներուն,  ինչպէս նաեւ ստեղծուած սփիւռքի  մը՝ առ աւելիով մտահոգիչ ։   

Այս բոլոր մտահոգիչ իրողութիւնները ըսաւ Սրբազան հայրը կը յառաջացնեն բազմաթիւ  հարցումներ եւ անթիւ «ինչուներ»  եւ ասոնց   պատասխանը կը գտնենք  այսօրուան սուրբ գրային՝ Մաղաքեայ մարգարէին գիրքին մէջ ՝  ուր Տէրը կը դժգոհէր իր ժողովուրդէն,  որովհետեւ անոնք անիմաստ կը նկատէին Տիրոջ ծառայելը, նկատի առնելով չարագործներու յաջողութիւնները ու անոնց անպատիժ մնալը ։ (Մաղաքեայ 3 13.20)  

«Շատ անգամ մենք եւս կ՝ապրինք նոյն փորձառութիւնը, եւ ականատես կ՝ըլլանք դաժաններու, որոնք իրենց շահերը կը փնտռեն, ոտնակոխ ընելով ուրիշները» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ մենք եւս կ՛ուղղենք  նոյն հարցումը ՝ «ինչո՜ւ Տէր»  ու հաստատելով թէ   այդ հարցին  պատասխանը կը գտնենք Մաղաքիա մարգարէին գիրքին մէջ  «Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տիրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։    

Ուրեմն ըսաւ Սրբազան Հայրը Աստուած չի մոռնար  իր զաւակները, Ան կը յիշէ  յիշատակը արդարներուն, անոնք որոնք կը տառապին , անձկութեան մէջ կ՝ապրին եւ «ինչու» կ՝ըսեն առանց կորսնցնելու Աստուծոյ վրայ իրենց վստահութիւնը։ 

Նորին Սրբութիւնը յիշեց Սուրբ  Կոյս Մարիամը, որ  իր ուղեւորութեան ընթացքին եւս բազմաթիւ անգամներ ինչու  ըսած է ապա սրտին մէջ  հասկցած է որ Աստուծոյ ամէն մէկ արարք կը նորոգէր հաւատքն ու յոյսը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց թէ Ասճուծոյ յիշողութեան մէջ մտնելու համար, այլ կերպ մը կայ՝ աղօթքը, որուն մասին կը խօսի այսօրուան աւետարանական հատուածը (Ղուկ 11, 5-13)

Պէտք է քաջութիւնը ունենալ Աստուծոյ դուռը բախելու ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ  «Աստուած դուռը պիտի բանայ», ինչպէս գրուած է այսօրուան աւետարանի մէջ «Դուք ուրեմն որ չար էք, գիտէք բարի բաներ տալ ձեր զաւակներուն, որքան աւելի երկնաւոր Հայրը պիտի տայ սուրբ հոգին որ կը խնդրեն» (Ղուկ 11, 13)

Ան ապա  հաստատեց թէ  այս է Աստուծող յաւելեալ պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին է՝ իսկական  Հօր պարգեւը։ Մարդը աղօթքի միջոցաւ կը բախէ Աստուծոյ դուռը խնդրելով շնորհքը եւ Ան որ Հայր է մեզի պիտի տայ աւելին՝ պարգեւը Սուրբ Հոգին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը աւարտեց յորդորելով որ սորվիլ Աստուծոյ սիրտը բախել։ Որպէսզի այդ քաջարի  աղօթքը,  ներշնչէ  եւ սնանէ նաեւ Եկեղեցւոյ ի նպաստ ծառայութիւնը։ Այսպէսով ձեր  յանձնառումը արդիւնք պիտի տայ եւ պիտի դառնաք ծառեր որոնց տերեւները պիտի չի չոռնան «Սաղմոս 1,3»








All the contents on this site are copyrighted ©.