2017-10-12 13:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 հոկտեմբերի թուիթը Ափարեսիտայի Տիրամօր տօնին առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, Պրազիլի  ազգային սրբավայրէն ներս մեծ շուքով կը նշուի Ափարեսիտա Տիրամօր արձանին յայտնաբերման 300 ամեակը։  Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը,  որուն մէջ ակնարկելով աղքատ ձկնորսներու կողմէ  յայտնաբերուած Ափարեսիտա Տիրամօր արձանին մասին,  Տիրամօր օրհնութիւնը հայցեց բոլորին համար, յատկապէս բոլոր անոնց որոնք աշխատանք կը փնտռեն։   

«Ափարեսիտայի Տիրամայրը գտնուած է աղքատ աշխատաւորներու կողմէ,  Այսօր թող օրհնէ բոլորին, յատկապէս անոնք որոնք աշխատանք կը փնտռեն»։ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.