2017-10-12 09:36:00

Պեղումներ՝ Կիւմիւշհանէի Հայկական Եկեղեցւոյ։


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ որ պեղումներ կը կատարուին Թուրքիոյ Կիւմիւշհանէ նահանգի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ։ Սիւլէյմանիյէ շրջանին մէջ մահմետական մզկիթի հարեւանութեամբ, եկեղեցւոյ մէջ մօտաւորապէս 2-3 մեթր լեցուած է հողով։

Կատարուած պեղումներուն արդիւնքով, յայտնաբերուած են եկեղեցւոյ շինութեան պատկանող սիւներ, զարդաքանդակներ, հայերէն արձանագրութիւններ։ Ըստ թուրք ճարտարապետ Եուսուֆ Պուրաք Տոլուի՝ բացի այս բոլորէն, յայտնաբերուած են նաեւ տարրեր, որոնք իւրայատուկ արժէք ունին եւ մզկիթներու ու հայկական եկեղեցիներու մէջ երբեք չեն գործածուած։

«Ուշագրաւ երկու տարրեր կան. անոնցմէ մէկը սիւներէն մէկուն գագաթին վրայ յայտնաբերուած երեք կիսալուսինի եւ սուլթանական կնիքի նշանն է։ Ատիկա հայերու ժամանակներէն մնացած է ու ամենայն հաւանականութեամբ 19րդ դարավերջին կամ 20րդ դարասկզբին ներկով պատրաստուած պատկեր է։ Միւսը նոյնպէս սիւնի մը գագաթին տեղակայուած կապոյտ մուքարնասն (իսլամական ճարտարապետական նախշազարդ-Խմբ.) է», նշեց Տոլու։

Ճարտարապետը նաեւ աւելցուց, որ Ս. Աստուածածինը տարածքաշրջանի միւս եկեղեցիներու նման երբեք մզկիթի չէ վերածուած։ Մինչեւ 1915, հին Կիւմիւշհանէի մօտաւորապէս 15 հազար բնակիչներէն 1500ը հայեր եղած են։ Ասիկա Սիւլէյմանիյէի մէջ միակ հայկական եկեղեցին է։

Տոլու յայտնեց, որ Ս. Աստուածածնէն մօտաւորապէս երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Վանք վանական համալիրը, որ ուխտատեղի եղած է Արեւելեան Անատոլուէն մինչեւ Սեւ ծով ինկած ամբողջ տարածքաշրջանի հայերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.