2017-10-11 09:37:00

Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով արձանագրուած են զոհեր


Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ ծագած հրդեհներուն պատճառով արձանագրուած է 10 զոհ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նահանգի հրշէջ ծառայութիւնը յայտարարած է, թէ տարուան ընթացքին հրդեհներէն զոհուած է 13 մարդ:

Հրդեհէն վնասուած տարածքին մէջ աւերուած են հարիւրաւոր տուներ: Իրենց բնակած շրջաններէն հեռացուած են շուրջ 20 հազար մարդիկ:

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն արտակարգ դրութիւն հաստատած է Նափա, Սոնոմա եւ Եուպա շրջաններուն մէջ: Այդ գօտիին մէջ կը գտնուին նահանգի գինեգործութեան շրջանները:

Պրաուն աւելի ուշ ընդլայնած է արտակարգ դրութեան գօտին` նահանգի հիւսիսային մասէն ներառելով յաւելեալ չորս շրջան, իսկ հարաւէն` Օրէյնճ շրջանը:

Նահանգապետը խնդրած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Քալիֆորնիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարէ, որպէսզի նահանգը իբրեւ օգնութիւն կարենայ գումար եւ մարդկային ուժ ստանալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.