2017-10-11 09:41:00

Քաթալոնիոյ ղեկավարը կը ձգտի անկախութեան շուրջ բանակցութիւններու


Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն շրջանի մայրաքաղաք Պարսելոնայի մէջ Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իր ժողովուրդը քուէարկած է ի նպաստ անկախութեան, սակայն ինք կ’ուզէ մեղմացնել լարուածութիւնը եւ Մատրիտի հետ բանակցութիւններու ճամբով լուծումի մը հասնիլ:

Ան շրջանային խորհրդարանէն խնդրեց առկախել քուէարկութեան արդիւնքը, որպէսզի անմիջապէս անջատուելու փոխարէն կարելի ըլլայ բանակցութիւններու ձեռնարկել:

Ան ողջունեց հանրաքուէի հոլովոյթը եւ դատապարտեց սպանական կառավարութեան որդեգրած քայլերը, սակայն ընդունեց, որ բոլոր կողմերէն մարդիկ մտահոգ էին ապագային նկատմամբ: «Մենք բոլորս նոյն համայնքին մաս կը կազմենք եւ պէտք է միասին յառաջ ընթանանք: Յառաջ ընթանալու միակ ուղին ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած է», ըսաւ ան երեսփոխաններուն:

Փուչտեմոն նաեւ ընդգծեց, որ Քաթալոնիոյ կը զլացուի ինքնորոշման իրաւունքը եւ շրջանը Մատրիտի կեդրոնական կառավարութեան չափազանց շատ տուրք կը վճարէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.