2017-10-11 10:54:00

«Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական» ի 25 ամեակի նշումը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 1992 տարւոյն հոկտեմբեր 11ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը, «Fidei Dipositum» Առաքելական Սահմանադրութեամբ վաւերացուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը։

Չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Քրիստոնէականի ստորագրութեան 25-մեայ տարեդարձին առիթով, Վատիկանի սիւնհոդոսական նոր սրահին մէջ տեղի կʼունենայ յիշատակի հանդիսութիւն մը, ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։ Հանդիսութիւնը կազմակերպած է Նոր Աւետարանումի Զարգացման Քահանայապետական Խորհուրդը։ Ներկայ պիտի գտնուին կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կղերիկոսներ, դեսպաններ, աստուածաբաններ, տնօրէններ եւ դասախօսներ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէականի ուսուցման մասնագէտներ եւ ուսուցիչներ։

Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, նախագահ յիշեալ խորհուրդին պիտի կատարէ բացման զեկոյց մը։ Ապա ելոյթ պիտի ունենան Թորինոյի Արքեպիսկոպոս՝ Գերպ. Չեզարէ Նոսիլիա, Վիեննայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն, որ Քրիստոնէականի հրապարակման ժամանակ, խմբագրութեան պատասխանատու կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի քարտուղարն էր. ապա նաեւ զեկոյցով մը պիտի մասնակցի Միւնսթերի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան համալսարանի հովուական աստուածաբանութեան եւ կրօնական դաստիարակութեան դասախօս՝ փրոֆ. Քաթարինա Քարլ։

Երեկոյեան ժամը 6։15, Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Հանդիսութեան զուգահեռ, Վատիկանի Պօղոս Զ. դահլիճին մէջ պիտի կատարուի զանազան լեզուներու թարգմանուած քրիստոնէականի գրքերու ցուցահանդէս մը։

Այս առիթով պիտի ներկայացուի նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի աստուածաբանական մեկնութիւն մը։ Մեկնութեան նախաբանը կու գայ Ֆրանչիսկոս Պապի գրչէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.