2017-10-10 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՖԱՕ-ի մէջ յառաջիկայ 16 հոկտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Փոխել արտագաղթի ապագան. Ներդրումներ ի սպաս սննդամթերքի անվտանգութեան ու գիւղատնտեսութեան զարգացման»։ Այս պիտի ըլլայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ելոյթին նիւթը, սննդամթերքի համաշխարհային օրուայ բացման արարողութեան ընթացքին զոր պիտի կայանայ յառաջիկայ 16 հոկտեմբեր 2017-ին, Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ 

Սրբազան Քահանայապետը ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան կեդրոն կը ժամանէ 16 հոկտեմբերի առաւօտեան 9-ին ուր նախ բացումը կը կատարէ Սուրիացի փախստական՝ Ալան Քուրտի անունով մանուկին նուիրուած կոթողին, որուն դիակը յայտնաբերուած էր 2015-ին, Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքի ծովափը եւ որ դժբախտաբար դարձաւ աշխարհի բոլոր փախստականներու ողբերգութեան խորհրդանիշը։

Նորին Սրբութիւնը ՖԱՕ ժամանելուն կը դիմաւորուի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Կրացիանօ Տա Սիլվայի կողմէ, որուն կ՛ընկերանան գիւղատնտեսութեան նախարարներ ու այլ բարձրաստիճան գործակատարներ։

Այս առթիւ հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը հաստատած է թէ սննդամթերքի համաշխարհային այդ օրը կը նշուի «աշխարհի մը բանակարգի մէջ ուր միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած են փախուստ տալ իրենց տուներէն պատերազմներու ու քաղաքականութեան անկայունութեան պատճառաւ» ու թէ այս իրողութեան աւելցնելու ենք անօթութեան երեւոյթը որ վերջին տարիներուն աճ արձանագրած է, ինչպէս նաեւ աղքատութիւնը, ու կլիմայական փոփոխութիւններու բերումով եղանակային ծայրայեղ պայմանները։

Այս ժխտական շրջանակէն դուրս գալու համար հարկաւոր է վստահիլ երիտասարդներուն, կը հաստատէ ՖԱՕ-ը, որպէսի չստիպուին թողուլ իրենց երկիրը ու միասնաբար սատարեն գիւղական բնակավայրերու զարգացումին, ինչպէս կը թելադրէ սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան կարգավիճակին հայող ՄԱԿ-ի 2017-ի զեկոյցը,  որուն մէջ նշուած է նաեւ թէ 2030 թուականին, աշխարհի մէջ,  15-24 տարեկան երիտասարդներուն թիւը պիտի հասնի 1.3 միլիառի, յատկապէս գիւղական բնակավայրերու մէջ ու թէ այդ բնակավայրերու զարգացումը կարող է նպաստել աղքատութեան ու անօթութեան դէմ պայքարին։

Այս առնչութեամբ ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան տնօրէնութիւնը կոչ ուղղած է կառավարութիւններուն որդեգրելու ռազմավարական քաղաքականութիւններ, գիւղական բնակավայրերը անջատ չի պահելու քաղաքներու տարածքներէն, ու սատարելու անոնց միասնական զարգացումին, իրականացնելու համար ՄԱԿ-ի համապարփակ զարգացումի 2030 օրակարգին նպատակները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.